Վերանկախացումը կը Լրացնե՞նք Միացումով եւ Հոգեւոր Անկախացումով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ծնած սերունդին համար անկախութիւնը բնական ըմբռնում է, ան չէ երազած անկախութիւնը, չէ ապրած գումարուած նահանջները:Ան անկախութեան սերունդ է, որ աճած է եւ կ’աճի համաշխարհայնացման նորատեսակ քաղաքակրթութեան մէջ:

Հայ զանգուածներուն համար անմիջական մտահոգութիւն չէ միացումը, ներսը եւ դուրսը: Մին կ’ըսէ, թէ վերադարձ-միացումը գրեթէ անկարելի է, տարբերութիւններ զարգացած եւ խորացած են, միւսը կ’ըսէ թէ վերադարձողները կը խանգարեն զիրենք՝ այնպէս ինչպէս այդ պատահած էր ներգաղթի դժուար օրերուն:

Տօնակատարութիւններու ընթացքին հնչած ճառերը այս իրականութիւնները ծխածածկոյթի ետին կը թաքցնեն:

Ազգի միացման խնդիր ունինք, որ սոսկ ճառ չէ, պէտք չէ ըլլայ, ճառը անոնց լուծում չի գտներ: Մենք մեզի հարց պէտք է տանք, վերնախաւէն մինչեւ ամենափոքր գիւղի կամ կորսուած թաղի բնակիչը, սփիւռք(ներ) եւ Հայաստան, թէ ինչպէս կարելի կ’ըլլայ միացումը: Քաղաքական վերանկախացումը պէտք չէ ըլլայ եզրայանգում մը, այլ մեկնակէտ միացման, որպէսզի հայրենիքը եւ ազգը ըլլան շարունակութիւն հարազատի եւ ոչ «նորի սկիզբ»:

Այլ խօսքով, քաղաքական վերանկախացումը անկատար է առանց հոգեմտաւոր անկախացման, կրկնենք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ),  եթէ մէկ ազգի կարգախօսային յայտարարութիւնները սոսկ ամբոխավարութիւն չեն:

Ուստի, առանց ճապկումներու պէտք է խօսիլ հոգեմտաւոր վերականգնում-վերանկախացման մասին, որդեգրելով կիսամիջոցները մերժող յեղափոխական կեցուածք, առաջքը առնելու համար մեր մէջ ծուարած եւ հանդուրժուող հոգեմտաւորը խաթարող փտախտներու. ազգային-քաղաքական ըմբռնումներ եւ կեցուածքներ, բազմերես մշակութային նահանջներ, պարտութիւններ եւ անձնատուութիւններ: Պէտք է ընել այնպէս, որ ազգի եւ անոր մշակոյթի առողջ մասը շուկայիկ պատշաճումներու պատճառով չփտի: «Բիզսնես»ային եւ «աթոռ-աթոռակային» ղեկավարութիւնը, երբ չունի միացման եւ հոգեմտաւոր վերականգնումի հեռանկար, պէտք է հեռանայ-հեռացուի հրապարակէն: Այսօրուան յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումը այս պէտք է ըլլայ եւ կանգ չառնէ միայն նիւթական-դրամական խաղքութիւններու սահմանագծին վրայ:

Փտածը եւ փտեցուածը գեղագիտական (կոսմեդիկ) եւ «թուքով կպցրած» միջոցներով չի դարմանուիր: Անհրաժեշտ է համապարփակ գործադրութիւնը օրէնքի եւ կանոնի: Փտածութիւնը չի վերաբերիր միայն սակաւապետութեան, ինչպէս կ’ըսուի օլիկարխիային, այլ տարածուած է ընկերութեան մէջ՝ որպէս առիթէն օգտուելու մշակոյթ: Օրինակ, ճաշարան-սրճարանը կը գրաւէ մայթը, շէնքը կը գրաւէ փողոցի շերտը, բնակուած տուներու կողքին չես գիտեր ո՞ր արտօնութեամբ վառելանիւթ կը վաճառուի, շէնքի մը բնակարաններու հասարակաց բաց տարածութեան վրայ անիշխանական կերպով կը դրուին պահարաններ, փտած գորգեր, անգործածելի դարձած ջեռուցման սարքեր, սառնարան, ինչ որ կեանքի որակի դէմ գործուող չարիք է: Երբ մայր փողոցի մը մայթերը կը գրաւուին նորոգութեան կամ լուացուելու համար կանգ առած ինքնաշարժներով, անցորդներուն պարտադրելով քալել ոստոստելով եւ աճպարարութիւններով, քաղաքացին հարց կու տայ, թէ կա՞յ կարգ, կա՞յ կանոն, անոնց անպատիժ անտեսումը այլ ոչինչ է եթէ ոչ ամէն քայլափոխի յայտնուուող փտածութիւն: Ինձմէ ետք ջրհեղեղի տրամաբանութիւն մը, որ փտածութիւնն իսկ է:

Եթէ փորձուիք նկատողութիւն ընել, կը ստանաք «ինչո՞վ է ձեզ խանգարում» պատասխանը:

Առանց կարգի, կանոնի, օրէնքի գերակայութեան, փտածութիւնը (կոռուպցիա) չի յաղթահարուիր, համախոհութեամբ կը հանդուրժուի, մեծերով եւ փոքրերով: Այսքանը՝ մարդոց եւ ժողովուրդի մակարդակին:

Արդէն աւելի քան քառորդ դար անցած է, եւ բոլոր մակարդակներու վրայքաղաքացիին հոգեմտաւոր վերանկանգնում-անկախացումը տեղի չ’ունենար, առօրեական մակարդակէն մինչեւ վերնախաւ, բարոյական, մշակոյթ եւ ինքնութիւն: Այդ վերականգնում-անկախացումը չի կրնար տեղի ունենալ առանց պետութեան մշակութային արմատական քաղաքականութեան եւ մտաւորականութեան յանդուգն միջամտութեան եւ պահանջին:

Ի՞նչ պէտք է հասկնալ հոգեմտաւոր անկախացումով, որ հաւանօրէն կարեւոր եւ անշրջանցելի ենթահողն է իսկական Միացման: Մտաւորականութիւնը, պետութենէն իսկ առաջ, հայկական ընկերութեան բոլոր խաւերուն պիտի խօսի այս մասին, որպէսզի գիտակցութիւն արթննայ, քաղաքական անկախութիւնը ունենայ հոգեկան-ոգեկան ազգային ինքնութեան պատուանդան, զայն մաքրելով գումարուած փտածութենէ, հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

Ո՞ւր կը գտնուին հոգեմտաւոր փտածութեան կեղերը:

Բայց նախ խօսինք մարդուն, հաւաքաքականութեան եւ ինքնութիւն կերտող մշակոյթի մասին: Մշակոյթը ամբողջ մըն է, որ կը ներառնէ մեր կենսակերպը, վերաբերումները, արտադրելու եւ սպառելու եղանակները, արժէքները, հաւատք-կրօնը, պատմութիւնը: Այս բոլորը համատեղ կ’ընեն այնպէս, որ մարդկային հաւաքականութիւն մը ըլլայ ինքնատիպ եւ տարբեր: Մշակոյթը այն է, որմով մենք շարունակութիւն ենք, կը ժառանգենք արժէքներ եւ պատկերացումներ, նոյնիսկ երբ կը ստեղծենք նորը, որուն մէջ միշտ կ’ապրի անցեալը, զոր կ’իւրացնենք:

Այսինքն մարդու եւ ազգի անհատականութիւնը կը կառուցուի հոգեմտաւոր արժէքներու վրայ:

Անկախութիւնը սահմանափակել սոսկ քաղաքական ըմբռնումի մէջ կը նշանակէ երկրի անկախութիւն եւ ոչ ժողովուրդի: Ժողովուրդի անկախութիւնը կ’ենթադրէ հոգեմտաւորը: Անկեղծ պէտք է ըլլալ եւ ընդունիլ, որ հակառակ խորհրդային ապազգայնացման քաղաքակրթութեան եւ պարտադրուող մշակոյթին, հայ մտաւորականութիւնը եւ կարգ մը քաղաքական ղեկավարներ, շրջանցեցին Կեդրոնի ճնշումները եւ հնարաւոր չափով պահեցին հոգեմտաւորը: Բայց նոյն այդ հոգեմտաւորը կրեց ծանր հարուածներ, լեզուական, կրօնական, գաղափարական, որոնք այսօր ալ կը շարունակուին, մաս կը կազմեն արմատացած ըմբռնումներու, դարձած ենհարազատութիւն:

Լեզուն համարելով սոսկ հաղորդակցական միջոց եւ «սոցիալական» երեւոյթ, անոր բառապաշարի խանգարումը անհարկի ներխուժումով օտար ռուսերէն բառերու եւ հայերէնի դարաւոր աւանդութիւն ունեցող ուղղագրութեան զեղծումով, որ այսօր բնական կը համարուի, քանի մը սերունդ այդ միայն տեսած ըլլալով: Նաեւ պետական անաստուածեան կրօնական պաշտօնական քաղաքականութիւնը, ժողովուրդը հեռացուց եկեղեցիէն, անով մեզի հասած ազգային-քաղաքական պատմութենէն եւ բարոյական ըմբռնումներէն: Այսօր, ինչպէս որ քաղաքական կամք պէտք է երկրի անկախութիւնը պահելու, այդպէս ալ կամք պէտք է հոգեմտաւոր անկախութիւնը վերականգնելու: Առանց այս հոգեմտաւոր անկախութեան մենք ամբողջովին չենք կրնար իրականացնել մեր անկախութիւնը, աշխարհի եւ պատմութեան մէջ չենք գրաւեր մեր ինքնութիւն–շարունակութիւն-ինքնուրոյն տեղը:

Այսօր կանգնած ենք հոգեմտաւոր անկախութիւնը վերականգնելու հիմնահարցին առջեւ. զտել հայերէն լեզուն՝ մեր տկարութեամբն իսկ թոյլ տուած եւ շարունակուող հին եւ նոր խորթութիւններէն, թերթերէն, հեռատեսիլէն, պատերէն եւ ժողովուրդի լեզուէն հեռացնելով ինչ որ մեզի չի պատկանիր, մուրացածոյ է: Այս կ’ըլլայ հոգեմտաւոր հարազատութեան վերականգնումի գործ: Միամիտ չենք. այս catharsis-մաքրագործումը ինքնաբերաբար տեղի պիտի չունենայ, կը պահանջէ ազգային-քաղաքական անխարդախ վերաբերում եւ կամք, որպէսզի շարունակութիւն ըլլանք եւ մաքրենք մեր գիրքերու, պատերու վրայ աճած, թերթերու, հեռատեսիլի, քաղաքական գործիչներու եւ հայ քաղաքացիներու խաթարուած լեզուն: Տրամաբանութիւնը պէտք է ըլլայ այն՝ ինչ որ մեր հարազատը չէ մեզի չի պատկանիր, խորթ է, օտար:

Հիւանդագին կացութիւն մը կայ, որ կը նմանի Սկովտիոյ Լոք Նեսին երբեմն երեւցող եւ անհետացող պատմութեան, նոյն հոգեմտաւոր հարազատութեան վերականգնումի ծիրէն ներս: Ան վերանկախացած Հայաստանի Օրհներգն է, որուն համար նոյնիսկ ուզեցին մրցոյթներ յայտարարել:

Օրհներգը Խորհրդանիշ է: Ֆրանսական Մարսէյէզը մեծ բնաստեղծի խօսք չէ, մեծ յօրինողի երաժշտութիւն չէ: Ինքնաբուխ երգն է քալող յեղափոխականներու եւ աւելի քան երկու դարէ ի վեր ոչ ոք հարցականի տակ առած է այդ օրհներգը:

Խորհրդային Հայաստանի օրհներգը բանաստեղծի տողերէ կազմուած է եւ դաշնաւորուած խորհրդային հայ մեծ երաժիշտ յօրինողի կողմէ: Այդ օրհներգի բառերը եւ երաժշտութիւնը անառարկելիօրէն գեղեցիկ կրնան ըլլալ, ան կացութեան մը արտայայտութիւնը եղող խորհրդանիշ էր, որ չի կրնար նոր կացութեան խորհրդանիշ ըլլալ բառի փոփոխութեամբ եւ երաժշտութեան անառարկելի գեղեցկութիւնը բաւարար համարուիլ վարկաբեկուած խորհրդանիշը վերակենդանցնելու: Արգելք չկայ որ այդ օրհներգը երգուի որպէս գեղեցիկ յօրինում, բայց ոչ որպէս անհախ հանրապետութեան ոգին արտայայտող խորհրդանիշ: Ո՞վ որո՞ւ իրաւունք կու տայ բանաստեղծին բառերը ըստ կամս եւ շիլ հաշիւներով փոփոխութեան ենթարկելու:

Խորհրդային Հայաստանի օրհներգը անկախ Հայաստանի օրհներգ չի դառնար երաժշտութեան գեղեցկութիւնը եւ հայ մեծ յօրինողի անունը շահարկելով: Խորհրդանիշ մը իր ճակատին կնիք կ’ունենայ եւ ան չի ջնջուիր այս կամ այն ճապկումներով:

Հոգեմտաւոր արժէքներու վերականգնումը եւ անկախացումը քաղաքական անկախութեան հէնքն է, քանի որ անոր կը բերէ բարոյական գաղափարական կշիռ:

Այսօր չունինք հոգեմտաւոր արժէքներու վերանկանգնման եւ անկախացման իսկական համազգային իրաւ քաղաքականութիւն, որ չի կրնար բաւաւարուիլ յարգելի, սիրելի եւ յուզող բացառութիւններով:

Եւ կրկնենք, որ առանց հոգեմտաւոր իսկական անկախութեան, քաղաքական անկախութիւնը անկատար է եւ անհեռանկար:

Եւ եթէ ուշանանք, ի՞նչ կ’ըլլան հետեւանքները…

Կը բաւէ պճեղ մը անկեղծութիւն՝ առանց մեծ մարգարէ ըլլալու, երեւակայելու համար հետեւանքները եւ չտարուիլ չխոստավանուող կարօտախտով, ուր կար մենատիրութիւն, անձի պաշտամունք եւ նոմանքլաթուրա,  սակաւապետութեան (օլիկարխիա) նոյն ըմբռնումներով:

Մերժուածը եւ այլեւս ժամանակավրէպը պզտիկ դռնէ վերստին ներս մտցնելու թատրոնը կը վկայէ նոմանքլաթուրային դրախտի կարօտախտի մասին:

Հոգեմտաւոր վերականգնումը եւ վերանկախացումը կարկտան չէ, որ օր մը հոս կը փակցնենք օր մը հոն: Ան կամ ամբողջական է կամ շիլ նպատակներով շահարկում: