Մամուլին Ծառայողները՝ Ի Պատուի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

 

«Ասպարէզ»ի 110րդ տարեդարձի ձեռնարկին պիտի մեծարուին մեր համայնքէն ներս հայկական մամուլի ծառայութեան մէջ վաստակ ունեցող գործիչներ:

Թերթի խմբագրութիւնը այս որոշումին յանգած է, ընդգծելու համար այն կարեւոր դերը, զոր կը կատարեն մամուլի մէջ խմբագրական, վերլուծական, կեցուածք ու դիրքորոշում յայտնող գրութիւններ ստորագրող գործիչները՝ համայնքէն ներս համերաշխութեան մթնոլորտ իրականացնելու ուղղութեամբ:

Իսկապէ՛ս, եթէ կը հետեւիք վերջին քառորդ դարուն Արեւմտեան Ամերիկայի հայ մամուլին, ապա պիտի նկատէք, որ թունաւոր, փոխադարձ ատելութիւն ու քէն սերմանող յօդուածներ, համայնքային կեանքը խռովող գրութիւններ չկա՛ն: Այս վիճակը կը պարտինք գլխաւորաբար համայնքին մէջ գործող միութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութեան: Կը պարտինք՝ յատկապէս այդ համագործակցութիւնը քարոզող, բացատրող, ամրապնդող հրապարակագիրներու աշխատանքին:

Միատեսակ մտածողութիւնը չէ, զոր կը գնահատենք, անշո՛ւշտ, եւ ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ մեր շրջանի մամուլը կ՛ընդգրկէ մօտեցումներու, կեցուածքներու լայն շրջանակ մը՝ ազգային թէ տեղական հարցերու կապակցութեամբ, ուր իւրաքանչիւր հոսանք ներկայացնող, իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ սեփական համոզումներու լուսաբանման վրայ, քան՝ այլոց հակադրուելու ճամբով ինքզինք հաստատելու ոճ որդեգրելու: Այս հարուստ այլազանութիւնը պահպանելու նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք, բոլո՛րս, մտաւորական համերաշխութեամբ եւ համայնքին աջակցութեամբ:

Յոբելենական այս ձեռնարկին ընթացքին մեծարելով մամլոյ այս վաստակաւոր գործիչները՝ «Ասպարէզ», իբրեւ ամէնէն տարեցը այս ընտանիքին, կը մաղթէ, որ անոնց աշխատանքը շարունակողները բազմանան եւ անոնց փորձը փոխանցուի մամուլի երիտասարդ սպասարկուներուն: