Ուքրանիոյ Հայերու Միութիւնը Իրականացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցի Առցանց Ցուցահանդէս

Սփիւռք

Ուքրանիոյ հայերու միութեան յատուկ portal-ով կ՝իրականացուի Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած առցանց ցուցահանդէս մը։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով AnalitikaUA.net-ի տեղեկութիւնները։ Ցուցահանդէսին կը ներկայացուին արխիւային լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ պատմական վերլուծութիւններ։

Պատմաբան Վահէ Պետրոսեանի կարծիքով՝ portal-ը ցայտուն եւ հասանելի կերպով կը ներկայացնէ Օսմանեան Թուրքիոյ գործած Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական պատկերը. «Ցացահանդէսի հիմնական նպատակը փաստերը ներկայացնելն է։ Վերացական ցուցադրութիւնը կը պատկերէ Ցեղասպանութեան սարսափները եւ անոր հետեւանքները»։

Գիտնականը նշած է, թէ շատ կարեւոր է թոյլ չտալ, որ նման ողբերգութիւն երբեւէ եւ որեւէ տեղ կրկնուի։ Իսկ այդ բանը թոյլ չտալու համար անհրաժեշտ է աղէտի ծաւալներու ներկայացումը եւ անոր դատապարտումը։

Նշենք, որ Ուքրանիոյ մէջ իրականացած են Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ, տեղադրուած են տեղեկատուական պաստառներ։ Ռուսիոյ հայերու միութեան «Շնորհակալութիւն բարգաւաճելու առիթ տալու համար։ Հայեր» ընկերային տեսահոլովակը հեռարձակած են կեդրոնական եւ տարածաշրջանային ալիքները։