Արցախի Մէջ “Քորոնա”-ով Վարակուածներուն Թիւը Կ՛աւելնայ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Ապրիլ 9-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 5 հոգի կայ։

Վերջին երկու վարակուածներէն մէկը Միրիկ համայնքի մէջ Արցախի առաջին վարակակիրի ընտանիքին  անդամ է, որուն առողջական վիճակը բաւարար է:

 Երկրորդը` երկկողմանի թոքաբորբով, եւ այլ քրոնիկական հիւանդութիւններով, Հանրապետական բժշկական կեդրոն ընդունուած Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ քաղաքի բնակիչ է (1951 թ.), որուն առողջական վիճակը այս պահուն միջին ծանրութեան է: 

 Նշուած քաղաքացիին ընտանիքի անդամները վերջին 3 օրերուն գտնուած են ինքնամեկուսացման մէջ` բժիշկներու խիստ հսկողութեան տակ, իսկ քաղաքացիին հետ շփում ունեցողներուն շրջանկը կը ճշտուի: