
Թրքական Մամուլը Գայթակղեցուցիչ Կը ՀամարԷ Չինաստանէն Հայաստան Ուղարկուած Տուփերուն Գրութիւնը
Թրքական մամուլը անտարբեր չմնաց 8 Ապրիլին Չինաստանէն Հայաստան ժամանած մարդասիրական օգնութեան տուփերուն գրութեան նկատմամբ:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Չինաստանի կողմէ Արարատ լերան յիշատակումը՝ իբրեւ Հայաստանի խորհրդանիշ, գայթակղեցուցիչ արարք համարուեցաւ թուրք լրագրողներու կողմէ, որոնք նաեւ կը յայտնեն, որ այս երեւոյթը Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ բողոքի ալիք բարձրացուցած է:
Չինաստանէն Հայաստան ժամանած օգնութեան տուփերուն վրայ գրուած է. «Թող մեր բարեկամութիւնը ըլլայ աւելի բարձր, քան Արարատ լեռը եւ աւելի երկար, քան Եանկցի գետը»: