
Լոս Անճելըսի Մէջ Ապրիլ 24-ի Ոգեկոչման Ձեռնարկները Կասեցուած Են
Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման Լոս Անճելըսի Միացեալ հայկական խորհուրդը, «Միաւորուած երիտասարդ հայեր» կազմակերպութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը որոշած են կասեցնել Ապրիլ 24-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները: Պատճառը, ըստ Asbarez.com-ի, «քորոնա» ժահրի համավարակն է։
Նախատեսուած էր այց դէպի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր, քայլարշաւ՝ Հալիվուտի «Փոքր Հայաստան» թաղամասին մէջ եւ բողոքի ցոյց՝ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց:
Որոշումը, որ կայացուցած է վերոնշեալ խորհուրդը, ոչ միայն բարոյական պատասխանատւութիւն է` կանգնիլ Լոս Անճելըսի եւ աշխարհի մարդոց կողքին, այլեւ կատարել տեղական իշխանութիւններուն կողմէ կիրառուած առողջապահական հրահանգները, որոնց նպատակն է մեղմել համավարակի տարածումը:
Անոնք մասնաւորապէս նշած են, որ հաւատարիմ են Հայ Դատին եւ կ՝աշխատին Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրի արդարացի լուծման ուղղութեամբ՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը:
«Թէեւ այս տարի, Ապրիլ 24-ին մենք չենք կրնար հաւաքուիլ եւ արդարութիւն պահանջել, բայց կը գիտակցինք, որ պէտք է գործադրենք մեր հաւաքական ջանքերը ամէն տարի: Մեր աշխատանքը կը շարունակուի: Մենք միասնական պիտի ըլլանք եւ մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք՝ իբրեւ յարգանք 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: Յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարենք մեր այլընտրանքային ոգեկոչման ծրագիրներուն մասին ՝ մեր աւանդական հանրային հաւաքներուն փոխարէն»,- նշուած է խորհուրդին կողմէ:
Կ’որոնաւիրուսի համաճարակը լայն տարածում է գտել աշխարհի շատ երկրներում: