
Էրտողան Հայաստանին Դեղորայքով Օգնելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած է
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կապ հաստատած է Պոլսի Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հետ եւ՝ անոր միջոցով Հայաստանին դեղորայքի հարցով օգնութիւն ցուցաբերելու առաջարկ ըրած:
Ըստ Պատրիարքութեան հաղորդագրութեան` անձնապէս կապ հաստատելով պատրիարքին հետ` Էրտողան հարցուցած է վերջինիս որպիսութիւնը:
«Վսեմաշուք նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն իրենց երկիրը վերադառնալու համար դիւրութիւն կ՛ընծայուի եւ Հայաստանին դեղորայք տրամադրելու պատրաստակամութիւն յայտնեց»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Թուրքիոյ նախագահը Հայոց պատրիարքին առողջութիւն մաղթած է ու նաեւ հետաքրքրուած հայ համայնքի կարիքներով: Ի պատասխան` Հայոց պատրիարքը ըսած է, որ նախագահին կողմէ կապ հաստատելը «թէ իր եւ թէ իր ժողովուրդին համար մխիթարական երեւոյթ է»: Ան առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ բարի գործերուն յաջողութիւն մաղթած է: