Հայաստանի «Առաջին Լրատուական»ի Հարցազրոյցը «Ազատ Օր»ի Հետ (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի՝ 2 Ապրիլի առաւօտուն, Հայաստանի «Առաջին Լրատուական»ը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ազատ Օր»ի (Յունաստան) խմբագրութեան հետ, որուն ընթացքին խօսակցութիւնը ընթացաւ Յունաստանի եւ մասնաւորաբար՝ յունահայ գաղութին մէջ տիրող իրավիճակին մասին, որ ստեղծուեցաւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը զսպելու համար կիրարկուած միջոցառումներէն ետք։ Ստորեւ կը հրապարակենք հարցազրոյցի տեսանիւթը, որ սփռուած է «Առաջին Լրատուական»ին կողմէ, ուր մանրամասն կերպով կը ներկայացուի ներկայ կացութինը։