Այսօր Խրիմեան Հայրիկի Ծննդեան 200-ամեակն Է
Հրանդ Մարգարեան
Ապրիլ 4․․․ Այսօր, ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ Հայուն՝ Մկրտիչ Խրիմեանի՝ ՀԱՅՐԻ՛ԿԻ, ծննդեան երկու հարիւրերորդ ամեակն է։
Մեր պատմագիրները, բազում տիտղոսներ տուած են արժանաւոր արքաներու, իշխաններու, զօրավարներու, հոգեւորականներու, ինչպիսին՝ «Աշխարհակալ», «Մեծն», «Կարմիր», «Շնորհալի», «Գայլ», «Ողորմած», «Երկաթ», «Մսակեր», «Առիւծ»․․։ Ի տարբերութիւն պատմագիրներու ԱՆՀԱՏԱԿԱ՛Ն որակումներուն, Հայ ԺՈՂՈՎՈ՛ՒՐԴԸ, ՄԷ՛Կ անհատի միայն կոչած է ՀԱՅՐԻԿ։ Ան ալ Մկրտիչ Խրիմեա՛նն է։ Կոչումը եկած է Տարօնէն՝ երբ Խրիմեան կարողացած է Տարօնի ժողովուրդին վրայ պարտադրուած ահաւոր տուրքերը մեղմացնել։ Յետագայ իր գործունէութեամբ, Խրիմեան արդարօրէն ժողովուրդի միահամուռ եւ անվերապահ յարգանքին արժանացաւ եւ դարձաւ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԻԿ։
Ծնած էր Վան Ապրիլ 4, 1820ին։ Իր կազմաւորման տարիներուն ուսումնասիրեց Հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը։ Տեսաւ ազգին տառապանքը, անոր տենչերն ու ցանկութիւնները։ Տեսաւ ազգին անարդար զրկուածութիւնը։ Չկար արքա կամ իշխան որ հովանաւորէր եւ զօրաւիգ կ՛անգնէր իր ընելիքներուն։ Միակ ուժը, որուն կարելի էր դիմել եւ յենիլ, արդարութիւն եւ յարատեւութիւն պահանջող Հայ ԺՈՂՈՎՈ՛ՒՐԴն էր։
Իր նուիուածութեան հանգրուանները— 1842ին, 22 Տարեկան, Առաջին վարժապետութիւն Վանի Յայնկոյսներ թաղամասին մէջ։ 1848ին- Ուսուցիչ Պօլիս։ 1854ին Վարդապետական ձեռնադրութիւն։ 1856ին Վանահայր Վարագայ Ժառանգաւորացին։ 1862ին- Առաջնորդ Տարօնոյ։ 1868ին – Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ 1869ին- Պոլսոյ Պատրիարք։ 1878ին- Պեռլինի Վեհաժողովի պատուիրակութեան նախագահ։ 1879ին- Վանի Առաջնորդ։ 1886ին- Ատենապետ Կրօնական Ժողովոյ։ 1890ին- Աքսոր, Երուսաղէմ։ 1892ին- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Իր պաշտօնավարական ձեռնարկներուն զուգահեռ հրատարակած է տասնըերկու գիրք՝ արձագանգելով Հայ ժողովուրդի դաժան վիճաին եւ հրահրելով անոր պայքարելու կամքը։
Խրիմեան, ինքզինքը ամբողջութեամբ նուիրաբերեց Հայ ժողովուրդի բարօրութեան։ Վանի Յանկոյսներ եկեկղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ քարոզով ան գծեց իր ապագայ ճանապարհը՝ «Հովիւ քաջ զանցն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց իւր։» Առ այդ՝ կրթեց, դաստիարակեց, պաշտպանեց, անվախօրէն պայքարեցաւ, խրախուսեց եւ զէնքով ինքնապաշտպանութեան մղեց Հայ ժողովուրդը։ Դարձաւ հայ յեխափոխական մտքի եւ ազատագրական շարժման եւ կազմութեան ջահակիրը։
Բազմաթիւ գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ, ներբողականներ գրուած են Հայրիկի մասին։ Յուսամ Հայրիկի ծննդեան երկու հարիւր ամեակը առիթը կ՛ընծայէ, որ Հայաստանի մեր մասնագէտները համապարփակ հրատարակութիւնով վեր առնեն Հայրիկի ամբողջակա՛ն կեանքն ու գործերը, բազմաթիւ նամակները, կոնդակները, խորհուրդները։
Հարիւր տարի առաջ ըսած իր խօսքերը, պատգամները, խրատները, անժամանցելի խարսխուած կտակներ են այսօ՛ր ալ։ Ո՛չ ոք ՀՈ՛Ղը, իմա՝ Հայրենիքը, այնպէս չէ կտակած ինչպէս Հայրիկ։ Գեղարուեստական, խորհրդապաշտական անգերազանցելի գլուխ գործոց մըն է իր՝ «Պապիկ եւ Թոռնիկ» գիրքով, մե՛զի՝ իր թոռներո՛ւն, ՀՈՂԻՆ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ՛Ն հետ «պսակելը»։ Ասիկա, հայրենասիրութեան կոչ չէ՛, ասիկա հայրենասիրութեան ՍԱՀՄԱՆՈՒՄն իսկ Է։ Ասիկա ՀԱՅ բառին իսկակա՛ն բնորոշումն է։
