Ալֆորվիլ Քաղաքին Մէջ Մեկնարկած են «Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր»-ու Ծիրէն Ներս Ընթացող Ձեռնարկները
Սեպտեմբեր 8-ին, Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ մեկնարկած են «Ֆրանսայի մէջ Արցախի Օրեր» փառատօնի ծիրէն ներս ընթացող ձեռնարկները, որոնք կը շարունակուին մինչ Սեպտեմբեր 17:
Հանդիսաւոր բացման արարողութեան մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշէլ Ժերշինովիչ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Լիւք Կարունաս, Ալֆորվիլի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ:
Բացման արարողութեան ընթացքին, Ֆրանսայի մէջ ԱՀ ներկայացուցիչը ՀՅԴ՝ Ալֆորվիլի տեղական մարմինի ղեկավար Կարօ Խաչիկեանին յանձնեց ԱՀ «Երախտագիտութիւն» մետալը՝ Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար:
Ալֆորվիլի մէջ կը նախատեսուին Արցախին նուիրուած լուսանկարներու եւ գծանկարներու ցուցահանդէսներ, վաւերագրական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ՝ Արցախի մէջ առկայ իրավիճակին շուրջ:
2017 Նոյեմբեր 20-ին, բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրուած է Արցախի Հանրապետութեան Բերձոր եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ:
ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ
ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
