Թուրքիոյ Գերագոյն Դատարանը Մերժած է Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերափոխելու Պահանջը

Աշխարհ

Թուրքիոյ գերագոյն դատարանը մերժած է Պոլսոյ յայտնի Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերափոխելու պահանջը: Ըստ «Նիուզ»-ի՝ վկայակոչելով «Անատոլու» գործակալութիւնը՝  դատարանը կրօնական խումբի մը ներկայացուցած հայցը մերժած է տեխնիկական պատճառներով` այն հիմնաւորումով, որ ներկայացուած է միութեան մը, այլ ոչ առանձին անձի մը կողմէ:

Նախկին բիւզանդական քրիստոնէական տաճարը մզկիթի վերափոխուած էր, երբ 1453-ին թուրք-օսմանցիները գրաւած էին Կ․ Պոլիսը: 1935-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթիւրքը տաճարը թանգարանի վերածած էր, զոր ամէն տարի միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ կը գրաւէ:

Սակայն Թուրքիոյ մէջ աւելի ու աւելի յաճախ կը հնչեն տաճարը մզկիթի վերափոխելու պահանջները: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան այս տարուան մարտին աղօթած էր Սուրբ Սոֆիայի մէջ: