«Փարոս» Հիմնարկի Աջակցութեամբ Նորոգուած Է Նոր Գեղիի Մանկապարտէզին Սրահը

Հայաստան, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմուած բարեսիրական «Փարոս» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ այս ամառ, Հայաստանի Կոտայք մարզի Նոր Գեղի գիւղաքաղաքին մէջ կարելի եղած է ամբողջացնել տեղւոյն Առաքելեան մանկապարտէզի սրահին, բեմին եւ անոր յարակից սենեակներուն նորոգութիւնը։ Սրահին տրամադրուած են նաեւ 80 բարձրորակ աթոռներ։

Ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են «Փարոս»-ի անձնակազմը եւ հիմնարկի ամառնային՝ «Սպասարկէ Հայաստանին» նախաձեռնութեան մասնակից երիտասարդները։

Նորոգութեան ծախսերը հոգացած է Տիթրոյիթի մէջ գործող Նոր Գեղի միութիւնը։

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, «Փարոս»ը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական 100 ծրագիրներ իրագործած էր՝ շնորհիւ իր «100 մինչեւ 100» նախաձեռնութեան: Անոնց շարքին եղած էր այս մանկապարտէզի այլ հատուածներուն նորոգութիւնը։

0000Nor Keghi2

«Փարոս» հիմնարկի գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեան կը յայտնէ, թէ հիմնարկին վերոյիշեալ ծրագիրին մղիչ ուժը եղած է անցեալ տարի Նոր Գեղի այցելած եւ մանկապարտէզի սրահին անմխիթար վիճակը տեսած Ռիչըրտ Նորսիկեանը, որ ատենապետն է Տիթրոյիթի Նոր Գեղի միութեան։

Սրահի բացման արարողութեան համար, մօտաւորապէս 85 աշակերտներու սպասարկող սոյն մանկապարտէզի աշակերտները հանդէս մը ներկայացուցած են։

«Փարոս» հիմնարկին զօրակցելու կամ անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.parosfoundation.org կայքը: