Հռչակագրի Նախագիծը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Արմենեան

Երէկ, Վարչապետ Փաշինեան, Գորիսի իր հանրահաւաքի ընթացքին, կը բացայայտէր նախագիծը հռչակագրի մը, որ պիտի յաջորդէ Ապրիլ 5-ի ժամկէտով նախատեսուած հանրաքուէին։ Նախագիծը արդէն լայնօրէն հրապարակուած է պետական լրատու համակարգին կողմէ ինքնաբերաբար նախապաշարելով ՀՀ ընտրազանգուածը ամէնուրեք։

Մէկդի թողնելով այն հանգամանքը, որ համապետական հռչակագիր մը պէտք է բխի ներկայացուցչական ժողովի մը (այս պարագային՝ ՀՀ Ազգային Ժողովին) իրաւասութենէն միայն և հաստատուած ընթացակարգի լիարժէք կիրարկումով, կարևոր է հարց տալ, թէ Պր. Վարչապետը իր այս նախագիծը կը հրապարակէ յանուն որո՞ւն և ի՞նչ հանգամանքով։ Ո՞վ կը ներկայացնէ ինք և ո՞րն է պաշտօնական հանգամանքը այն հաւաքին, որուն կը ներկայացուի յիշեալ նախագիծը։

Հանրութեան յիշողութեան մէջ դեռ շատ թարմ են այն օրերը, երբ Պր. Վարչապետը «զօրակոչ»ի կ՚ենթարկէր փողոցը ընդդէմ ՀՀ Ազգային ժողովին և կը յայտարարէր, որ փողոցի հաւաքականութիւնն էր իրեն համար միակ ընդունելի խորհրդարանը…Ինք այդ հաւաքականութիւնը կը կոչէր «ժողովուրդ» քաջ գիտնալով, որ այդ «ժողովուրդ»ը որևէ ձև և հմտութիւն — և որևէ օրինական ձեռնհասութիւն — չէր կրնար ունենալ օրէնսդիր իշխանութիւնը փոխարինելու և որ այդ սուտ հռետորաբանութիւնը ընդամէնը կոչուած էր երկրին մէջ մենատիրութիւն հաստատելու։ Հանրութեան յիշողութեան մէջ նոյնքան թարմ են այն օրերը, երբ Պր. Վարչապետը «զօրակոչ»ի կ՚ենթարկէր նոյն փողոցի հաւաքականութիւնը այս անգամ ճնշման տակ առնելով երկրի դատարանները։

Եւ ահաւասիկ կրկին կը գտնուինք օրէնսդիր և դատական իշխանութիւններու իրաւասութիւններէն ներս ոտնձգութիւն կազմակերպելու նոյն յանցաւոր արարքին առջև։ Հռչակագրի նախագիծը, իր էութեամբ, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ նորօրինակ միջամտութիւն մը եռեակ իշխանութիւններու տարանջատութեան սկզբունքի սահմաններէն ներս։ Նախագիծը յստակօրէն կը բացայայտէ գործադիր իշխանութեան իսկական դիտաւորութիւնները։

Բոլոր անոնք, որոնք իրենց գրաւը դրած են այս իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած այս խաբուսիկ հանրաքուէին վրայ, պէտք է բաց աչքերով կարդան այս նախագիծը։ Ամէն ինչ ըսուած է հոտ։ Ամէն ինչ յստակօրէն նախագծուա՛ծ։ Հիմա է իրականութիւնը տեսնելու ժամանակը։ Եւ հիմա է ժամանակը աննախապաշար և ազգին գերագոյն շահերէն բխող վճռական գործի։

Կը գտնուինք հրամայական կացութեան մը առջև։ Իմ կոչն է Պր. Նախագահին, Պր. Վարչապետին և ՀՀ Ազգային Ժողովի Պր. Նախագահին, որ միասնաբար և անյապաղ առնեն անհրաժեշտ քայլերը այս հանրաքուէն չեղեալ յայտարարելու — քանի դեռ ուշ չէ — և սկիզբը դնելու մէկ նոր և իսկական, համազգային գործընթացի ՀՀ Սահմանադրութեան բարելաւման խնդիրները հանրութեան սեղանին բերելու` լիովին յարգելով Սահմանադրութեան տառն ու ոգին և նախանձախնդրօրէն պահպանելով եռեակ իշխանութիւններու հաւասարազօրութեան և անկախութեան հիմնարար սկզբունքը։