Պէտք Է Պատրաստ Ըլլալ Ռազմական Գործողութիւններու. Վահրամ Բալայեան

Հայաստան

Ազրպէյճանի իշխանութիւնը ժողովուրդին ուշադրութիւնը տնտեսական խնդիրներէն շեղելու նպատակով հաւանաբար ռազմական գործողութիւններու սկսի: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան` անդրադառնալով նաւթի գինի նուազումին ու անոր հաւանական հետեւանքներուն:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Ազրպէյճանի յարձակողական մօտեցումները կարելի չէ կապել միայն տնտեսական ճգնաժամին հետ: «Մենք` իբրեւ Արցախի բնակիչներ, ամէն պահու ալ կը սպասենք, որ Ազրպէյճանը կրնայ նման արկածախնդրութեան երթալ: Տնտեսական ճգնաժամն ալ իր դերակատարութիւնը ունի. ռազմական գործողութիւններ` ներքաղաքական խնդիրներէ, տնտեսական վիճակէ ժողովուրդի ուշադրութիւնը շեղելու համար: Հաւանականութիւնը միշտ ալ կայ, բայց տնտեսական խնդիրներու պարագային անիկա կը մեծնայ: Մեր հանրութիւնն ալ պէտք է իմանայ, որ ռազմական գործողութիւնները  ամէն վայրկեան ալ կրնան ըլլալ, եւ անոնց պէտք է պատրաստ ըլլալ», շեշտեց Բալայեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Հայաստանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները` տնտեսական մարտահրաւէրներու դիմակայման վերաբերող, երբ Հայաստանի վարչապետն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այժմ արձակուրդի մէջ են եւ կը զբաղին սահմանադրական փոփոխութիւններու «Այո»-ի քարոզարշաւով` Բալայեան ըսաւ, թէ ներկայիս չի կրնար գնահատականներ տալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն մասին: «Չեմ կրնար ոչ թէ այն պատճառով, որ տեսակէտ չունիմ, այլ որովհետեւ, երբ իշխանութեան մէջ գտնուող անձեր  գնահատական կու տան, անոնք միշտ կը վերածուին երկու պետութիւններու միջեւ որոշակի լարուածութեան: Ամէն պարագայի, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է առաջնորդեն ժողովուրդը եւ ըստ այդմ ալ` համապատասխան գործողութիւններու ձեռնարկեն», շեշտեց ան: