Լրատուական Կամուրջ Արաբական Երկիրներու Հետ. Արմէնփրես»-ը Կ՛ընդլայնէ Համագործակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Անթիլիասի մայրավանքի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական ֆորումի համակարգող խորհուրդին նիստը յագեցած օրակարգով էր: Այն նախ առանձնացաւ կատարուած աշխատանքներու ամփոփումով, ինչպէս նաեւ` յառաջիկային սպասուող Լրագրողներու համահայկական ֆորումի օրակարգի, խնդիրներու շրջանակի քննարկումով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը մարտ 1-ին ընդունած էր Լրագրողներու համահայկական ֆորումի համակարգող խորհուրդին անդամները:

«Շատ կարեւոր էր հանդիպումը Արամ Ա. վեհափառին հետ: Նախորդ լիագումար խորհրդաժողովը տեղի ունեցած էր դարձեալ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանիին ներքոյ: Մենք քննարկեցինք ապագայ ֆորումի թէ՛ մօտաւոր օրակարգը եւ թէ՛ տեղի ունենալիք վայրի հնարաւոր (յարմարագոյն) տարբերակները», «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը:

Լրագրողներու համահայկական ֆորումի համակարգող խորհուրդի նիստի անդամներու քննարկման առանցքին եղած են` մասնագիտական հիմնախնդիրները, մետիայի (լրատուամիջոցներու) մարտահրաւէրները, զանոնք դիմակայելու հարցրերը:

«Ժամանակակից աշխարհը արագ փոփոխութեան կ’ենթարկուի, եւ այդ փոփոխութիւններու առաջին շահաստացն ու անոնց պատճառով ազդեցութիւն կրողները յատկապէս լրատուամիջոցներն են: Եւ հոս շատ կարեւոր են համագործակցութիւնը, փորձի փոխանակումը: Ես կ՛առանձնացնէի նաեւ համահայկական խնդիրները, այսինքն` խօսիլ այն ամէն ինչի մասին, որ մեզ կը միաւորէ, եւ միասնական ուժերով փնտռել լաւագոյն զարգացման ուղիները հայկական, հայալեզու մամուլի համար: Ի դէպ, առաջին անգամ մենք պիտի փորձենք օրակարգ բերել օտարալեզու հայ մամուլի խնդիրները», ըսաւ Արամ Անանեանը` աւելցնելով, որ իրենց ուշադրութեան կեդրոնին է նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ աշխատող հայազգի աշխատակիցներուն համահայկական քննարկումներուն մէջ ներգրաւուիլը:

Համագործակցութեան ընդլայնման խօսքաշարի մէջ Արամ Անանեանը կարեւորեց գործընկեր լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումը ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:  Խօսելով Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութեան տնօրէն Զիատ Հարֆուշի հետ հանդիպումի մասին` Արամ Անանեանը նշեց, որ քննարկած են երկու լրատուամիջոցներու համագործակցութեան զարգացման ուղղուած հարցերը: Երկու գործակալութիւնները կը նախատեսեն յառաջիկային ստորագրել համագործակցութեան յուշագիր:

«Լիբանանի գործակալութեան հետ մեր համագործակցութիւնը նոր չէ, կը կարծենք, որ յառաջիկային պիտի կարենանք պաշտօնական դարձնել այդ յարաբերութիւնները: Մեր քննարկումներուն մէջ եղան նաեւ հարցեր այն մասին, որ հեռանկարին մէջ Լիբանանի ազգային գործակալութիւնը ունենայ հայերէն լրահոսի կազմակերպումը, որուն մենք որպէս գործակալութիւն` պատրաստ ենք համակողմանիօրէն աջակցիլ թէ՛ մեր մեթոտաբանութեամբ, թէ՛ տեղեկատուութեամբ եւ թէ մուլթիմետիոն նիւթերով», ըսաւ Արամ Անանեանը:

Համագործակցութեան ընդլայնման հարցեր քննարկուած են նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ուր Արամ Անանեանը կը մասնակցէր Հաղորդակցութեան կառավարական IGCF 2020 միջազգային համաժողովին:  Հիւրընկալող կողմը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական լրատուական գործակալութիւնն էր` WAM-ը, որուն հետ «Արմէնփրես»-ը համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրած էր մէկ տարի առաջ, Երեւանի մէջ: Արամ Անանեանի խօսքով, ի դէմս WAM-ի, «Արմէնփրես»-ը ունի լուրջ, արհեստավարժ գործընկեր:

«Ծոցի տարածաշրջանին երկու գործընկեր ունինք` Քուէյթի եւ Էմիրութիւններու լրատուական գործակալութիւնները: Համաժողովի ծիրին մէջ հանդիպեցայ նաեւ Յորդանանի լրատուական գործակալութեան նոր ղեկավարութեան հետ: Անոնց հետ նախանշեցինք երկկողմ գործակցութեան ուղիները եւ քննարկման համար ներկայացուցինք յուշագրի մեր տարբերակը` նպատակ ունենալով Յորդանանի հետ նոյնպէս կառուցել լրատուական կամուրջ», ըսաւ Արամ Անանեանը:

Անոր խօսքով, շատ կարեւոր է, որ արաբական աշխարհին մէջ աւելի լաւ ճանչնան Հայաստանը: Արամ Անանեանը նկատեց, որ Հայաստանը շատ հետաքրքրական է արաբական լրատուամիջոցներուն համար, մեր երկիրն ու հայ ժողովուրդը ունին դրական կերպար, եւ պէտք է աշխատիլ զայն ամրապնդելու ուղղութեամբ: «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութիւնը այդ առումով ունի յարաբերական առաւելութիւն: Հայաստանի մէջ միակ լրատուամիջոցն է, որ ունի լրահոսի արաբերէն տարբերակ, ինչ որ գործընկերներու կողմէ կը գնահատուի: Արամ Անանեանը ընդգծեց, որ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկած են նաեւ Արաբական ազգային լրատուամիջոցներու ֆետերասիոնի (դաշնակցութեան) գլխաւոր քարտուղար Ֆարիտ Այարի հետ: