105-ամեայ Իտալահայը Կը Փափաքի Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալ

Հայաստան, Սփիւռք

Իտալիոյ քաղաքացի 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչ փափաք յայտնած է դառնալ Հայաստանի քաղաքացի: Այս մասին, ըստ Lragir.am-ի, յայտնած է Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեան:

Նուրհանը ծնած է 1915-ին, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, 105 տարեկան է եւ Իտալիոյ քաղաքացի: Ան փափաք յայտնած է ստանալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ պատիւով կրել Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրը: «Ի հարկէ, մենք բացառութեան կարգով սահմանուած փաստաթղթերը դիմումի հետ միասին ընդունեցինք բնակարանում, առանց վարչութիւն հրաւիրելու: Երկարակեցութիւն եւ առողջութիւն ենք մաղթում նրան»,- ըսած է Բիչախչեան։