Մենք Կ՝ակնկալենք, որ Մարդիկ Հասկնան Հայ Ժողովուրդի Կորուստները եւ Տառապանքը. Մաշալեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան հարցազրոյց մը տուած է թրքական «Hurriyet» իշխանամէտ պարբերականին: Ermenihaber-ի տեղեկութիւններով՝ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան:

Թերթի լրագրողը Մաշալեանէն հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցող ոգեկոչումները կրնա՞ն ցաւերը կիսելու համար ճիշդ հող նախապատրաստել:

Մաշալեան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ Ապրիլ 24-ը երկար ժամանակ դապու համարուած է եւ ընկալուած է իբրեւ թշնամական վերաբերմունք, որ կոտրուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէն, երբ 2015-ին՝ այն ժամանակ վարչապետ՝ Էրտողանը «ցաւակցական հեռագիր» յղեց:

«Մենք առաջին անգամ եկեղեցիներուն մէջ մեր հանգուցեալները յիշատակեցինք, աղօթեցինք անոնց համար: Ի հարկէ, ասիկա շատ դրական զարգացում էր: Մենք ստիպուած չենք ամէն դէպքի քաղաքականութեան աչքերով նայելու: Ամէն ինչ նաեւ ունի մարդկային կողմ: Կորսնցնելէ ետք մարդը չես կրնար ետ բերել, սակայն կ՝ուզես գոնէ սուգը պահել: Մարդիկ պէտք է յարգեն ուրիշի տառապանքները, քանի որ ցաւը միայն կիսելով կը նուազի, ուրախութիւնա ալ՝ կիսելով կ՝աւելնայ»,- ըսած է պատրիարքը:

Հայոց պատրիարքը ի՞նչ ակնկալիքներ ունի հարցին ի պատասխան՝ Մաշալեան նշած է. «Մեր ակնկալիքը այն է, որ մարդիկ հասկնան հայ ժողովուրդի կորուստները եւ տառապանքը: Մենք այդ մասին գիտենք, քանի որ ապրած ենք այդ ամէնը, սակայն այս երկրին մէջ այդ ամէնուն մասին շատ բան չեն գիտեր»:

Մաշալեան կարեւոր համարած է ցեղասպանութեան իրական պատճառներուն բացայայտումը՝ նշելով որ ատիկա ապագան ապահովագրելու նշանակութիւն պիտի ունենայ:

«Շատ մեծ դաս է Սուրիոյ մէջ կատարուածը, երբ բարեկամաբար ապրող ժողովուրդները յանկարծակի սկսան իրար խեղդել: Այդպիսի բան մըն ալ ապրեցան՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդները: Ազգայնականութեան հիմքը դրուեցաւ, բոլորը ուզեցին իրենց ազգային պետութիւնը ստեղծել: Եթէ ազգային պետութիւն պիտի ստեղծէք, ուր արդէն իսկ բոլորը միասին ապրած են, ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընէք մնացած ազգերուն հետ»,- ըսած է Մաշալեան: