
Կեդրոնականցին Եւ Արցախի Նախագահի Պաշտօնին Օրինակելի Կին Թեկնածուն
Մեր լրատուամիջոցներու մակարդակը կը բարձրանայ, եթէ Արմենակը որպէս Grand Reporter աշխատանքի հրաւիրեն: Ան ճիշդ կը տեսնէ եւ կը գնահատէ:
Իմաստասէր Քանթ եւ իմաստուն Կանտի երկինքէն կը նային եւ զայն լսելով կը նախանձին: Մենք տեսնուածի եւ լսուածի քովէն կ’անցնինք, ինչպէս խուլը եւ կոյրը:
Այս մտածեցի, երբ շաբաթ օր, հայաշատ արուարձանի սրճարանը նստած կը սպասէինք, որ հայկական խանութներուն նպաստելէ վերադառնան Էլպիսը եւ Մակարուհին:
– Մակա՛ր, իմացած ըլլալու ես, որ փոքրիկ եւ պատերազմական վիճակի մէջ եղող Արցախը նախագահ պիտի ընտրէ: Ինը թեկնածուներ կան: Բարեբախտութիւն է, որ Արցախի բնակչութիւնը մէկ միլիոն չէ, ապա թէ ոչ կ’ունենայինք առնուազն յիսուն թեկնածու:
– Արմենա՛կ, ծառայութեան քաջութիւն է թեկնածու ըլլալ:
– Ան պէտք է ըլլայ անանձնական, ոչ ինքնահիացական: Զիս յուզեց իններորդ թեկնածուն, որ կին է, որուն յայտարարութեան պէտք է որ արձագանգեն բարի կամքի տէր մարդիկ, ներսը եւ դուրսը: Ան կ’ըսէ հետեւեալը. «Համաձայն եմ ձեզ հետ, որ ես ճանաչուած չեմ, ինչ որ արել եմ՝ սելֆի չեմ արել, որ ցոյց տամ, որ ես էլ ինչ-որ բան արեցի: Ես էդ ձեւականութիւնը չեմ սիրում, երբեք չեմ անի»:
-Ի՞նչ ըսել կ’ուզէ սելֆի չընող կինը:
– Պարզ բան: Հասկցած է, որ սելֆիով եւ եւ ֆէյսպուքով կարելի է աղմկարարութիւն ընել, հաշուեյարդար տեսնել, բայց կարելի չէ երկիր կառավարել, այսինքն՝ ունենալ իրաւ հանրային ծառայութիւն:
– Արմենա՛կ, ինչո՞ւ չես հասկնար, այդ կինն ալ չէ հասկցած, որ աթոռ ունենալու եւ դիրքեր գրաւելու համար սէլֆիական, ֆէյսպուքեան եւ թուիթըրական նիզակամարտի մասնակից պէտք է ըլլալ: Այդ կ’ընեն մեծերը եւ մեծ պզտիկները, ազգի ու ժողովուրդներու ճակատագիր կը տնօրինեն սելֆիական անմահութեամբ, թուիթըրական եւ ֆէյսպուքեան աղմուկով:
– Եզրակացնե՞մ, որ ոչ ծառայութիւնը, ոչ բարին եւ ոչ ժողովուրդի գալիքը նպատակ չեն: Ապագան սելֆիական է: Եթէ պճեղ մը սիրտ ունենայ ժողովուրդը, կ’ընտրէ թեթեւսոլիկ եւ փուչիկ չեղող կինը, որ կ’ըսէ, թէ «սելֆի չեմ արել, որ ցոյց տամ, որ ես էլ ինչ-որ բան արեցի»:
Մարդ՝ որ հասկցած է, թէ գեղուհիի, ախոյեանի կամ «շէֆ»ի քսուելով-սելֆիով գեղուհի, ախոյեան եւ «շէֆ» չենք ըլլար:
Սպասեակը վերցուց բաժակները: Մայթին վրայ էին արդէն Էլպիսն ու Մակարուհին՝ իրենց բեռներով: Այդ վիճակով սելֆի եթէ ընեն, կրնան ըսել որ այր մարդիկ ծոյլ են եւ իրենք կ’աշխատին:
Կեդրոնակացնին պիտի սպասէ, որ հայկական լրատուամիջոցները փող ունենան եւ զինք կոչեն Grand Reporterի պաշտօնին:
Սելֆիականնները Grand Reporterի պէտք չունին: Իրենք կան:
Մակար ի Գաղիա, 1 փետրուար 2020