
Էրտողան Արձագանգած է Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Մասին Մաքրոնի Յայտարարութեան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք ընդունելու վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան:
Թուրքիոյ նախագահը, հերթական անգամ փորձելով ցոյց տալ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Թուրքիան մեղադրողներու պատմութիւնը եւս մաքուր չէ, ըսած է. «Ալժիր կատարած այցիս ընթացքին նախագահ Ապտուլմեճիտ Թեպպուն ինծի ըսաւ, որ Ֆրանսան կոտորած է իր հայրենակիցներէն 5 միլիոնը:
Ապա Էրտողան եւս մէկ անգամ նշելով, որ իրենք կը պահանջեն բանալ բոլոր արխիւները, ըսած է. «Ֆրանսայի նախագահը այս բաները չի գիտեր, անոր պէտք է այս ամէնուն մասին պատմենք»:
Յիշեցնենք, որ օրերս Մաքրոն մասնակցած էր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ ընթրիքին, ուր իր ելոյթի ընթացքին յայտնած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու ուղղութեամբ իրաւական աշխատանքներ կը տարուին: