
Հայաստան Ստացած է “Քորոնա” վարակի Ախտորոշման Տարրալուծարանային Փորձարկիչներ
Հայաստան ստացած է “Քորոնա” վարակի ախտորոշման տարրալուծարանային փորձարկիչներ: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:
«Քիչ առաջ ստացանք “Քորոնա” վարակի ախտորոշման տարրալուծարանային փորձարկիչները: Անոնք շատ կարեւոր են հիւանդութեան կանխարգիլման եւ բուժման համար: Մինչ օրս հիւանդութեան բնորոշ ախտանիշներով հիւանդներ չենք ունեցած, սակայն այսուհետեւ պիտի կարենանք կասկածելի պարագաներուն նաեւ տարրալուծական ստուգում ընել: Մնացած բոլոր հակահամաճարակային աշխատանքները պատշաճ կ՛իրականացուին»,-նշած է Արսէն Թորոսեան:
Նոր տեսակի “Քորոնա” վարակով հիւանդներուն թիւը աշխարհի մէջ կ՛անցնի 14 հազարը: Մահացած է աւելի քան 300 մարդ: Մահուան առաջին դէպքը տեղի ուենցած է Չինաստանէն դուրս` Ֆիլիփիններու մէջ: Մահացածը չինական Ուհան նահանգնէն էր, որ կը համարուի վարակի կեդրոնին:
Հայաստան բերուած է 200 փորձարկիչ, որ տրամադրուած է ռուսական կողմէն՝ անվճար: