
Խաչատուր Աբովեանի Տուն-Թանգարանի Բակին Մէջ՝ Ռուբէն Յովսէփեանին Նուիրուած Ծառ
Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի բակին մէջ տնկուած անուանական տնկիներու շարքը համալրուեցաւ նորով մը՝ նորատունկ ծիրանենին այսուհետեւ պիտի խորհրդանշէ մեծանուն մտաւորական, գրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ Ռուբէն Յովսէփեանի մեծ նուիրումը Աբովեանին, ինչպէս նաեւ Խ. Աբովեանին նուիրուած անոր անաւարտ վէպը:
«Աբովեանի կերպարը, անոր մեծութիւնը ցնցած էին Ռուբէն Յովսէփեանը, նաեւ անոր առեղծուածային անհետացումը ստիպեց, որ ան անդրադառնայ Աբովեանին»,- «Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Ռուբէն Յովսէփեանի այրին՝ տիկին Օլկան, որ իր կարգին մասնակցեցաւ ծառատնկումին։ Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս տարբեր աղբիւրներէ որոնումներու սկսելով, ուսումնասիրելով հսկայական գրականութիւն եւ արխիւային նիւթեր, նաեւ վաւերագրական ժապաւէններէն վերցնելով կտորներ‘ Ռուբէն Յովսէփեան 1980ականներու կէսերէն սկսաւ աշխատիլ իր վէպին վրայ:
Այդուհանդերձ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամակցութիւնը, հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը, Հայաստանի ներքաղաքական վերիվայրումներու յորձանուտին մէջ ներքաշուիլը ստիպեցին Ռուբէն Յովսէփեանը՝ երբեմն մեծ դադարներ առնելու եւ յետաձգելու վէպին ստեղծման աշխատանքները: 2016-ի վերջերուն, գրողը իր անաւարտ վէպը, որ կը կրէր «Վերջին Գիշերը» խորագիրը, հատուածաբար տեղադրեց «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ: Կը մնար Մատենադարանին մէջ իրականացուելիք որոշ ուսումնասիրութեան աշխատանք, եւ անիկա իր աւարտին կը հասնէր: Սակայն մտաւորականին հիւանդութիւնը եւ մահը պատճառ դարձան, որ վէպը մնայ անաւարտ: «Այսօր մեր ընտանիքի միակ ցանկութիւնն է, որ, թէկուզ անաւարտ, բայց տպագրուի Խաչատուր Աբովեանի մասին վէպը»,- յայտնեց տիկին Օլկան:
Գրութիւնը, զոր այցելուներուն կը յուշէ ծիրանենիին խորհուրդը, Աբովեանի տուն-տնկենիին վրայ ամրացուց Ռուբէն Յովսէփեանի թոռնիկը։
Միջոցառման ներկայ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզաննա Առաքելեան «Նորք» ամսագիրի երկու օրինակներ նուիրեց Խաչատուր Աբովեանի անուան տուն-թանգարանին, ուր տպագրուած էին հատուածներ Ռուբէն Յովսէփեանի անտիպ վէպէն:
Յիշեցնենք, թէ ի դէմս նուիրեալ համազգայնականին, վերջերս Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, մեծ շուքով նշուեցաւ տաղանդաշատ գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս, հասարակական-քաղաքական գործիչ, մեծ Հայ Ռուբէն Յովսէփեանի ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանը: