Համոզուած Ենք, որ Մեր Արդար Պահանջատիրութեան Հետապնդումը Նոր եւ Կարեւոր Նուաճումներով Պիտի Արդիւնաւորուի. Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակ

Սփիւռք

ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի երկու պալատներու` Ներկայացուցիչներու տան ջախջախիչ մեծամասնութեամբ եւ Ծերակոյտի որոշմամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն հաստատումը հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան իրաւական եւ քաղաքական կարեւոր ենթահող ապահովող եւ մէկ համահայկական նուաճում է, որուն կազմակերպման երկարատեւ ծանր աշխատանքը եւ նպատակասլաց գործողութիւնները մեծ մասամբ իրականութիւն դարձան հայ ժողովուրդի մեծ նեցուկն ու հովանաւորութիւնը վայելող Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցով:

Վերջին տարիներուն համաշխարհային ծաւալով եւ տասնեակ երկիրներու կողմէ հաստատւած նմանատիպ բանաձեւերը, օր ըստ օրէ աւելի կը նեղցնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործած եւ պետականօրէն մերժումի եւ ուրացման իր քաղաքանութեամբ ցեղասպանութիւնը շարունակող Թուրքիան դատապարտելու եւ պատասխանատւութեան ենթարկելու օղակը: Միաժամանակ այս յաջողութիւնները մեր ժողովուրդի պայքարը կը տանին այլ մակարդակի եւ հարթութեան վրայ` հայ ազգի իրաւունքներու հատուցման փուլին, որ յատկապէս ամրագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին` համազգային տարողութեամբ հաստատուած Հռչակագրին միջոցով:

Համոզուած ենք, որ Հայ Դատի պայքարի այս հանգրուանին եւս, մեր ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեամբ` բարոյական եւ նիւթական համագործակցութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ու դիւանագիտական մակարդակով մեր արդար պահանջատիրութեան հետապնդումը նոր եւ կարեւոր նուաճումներով պիտի արդիւնաւորուի:

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակ
14 Դեկտեմբեր 2019