
ՀՅԴ-ն Սեփական Թեկնածուով Պիտի Մասնակցի Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն
ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Արտակարգ Շրջանային ժողովը, քննելով 2020 թուականի համապետական ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան մասնակցութեան հարցը եւ ամփոփելով միասնական օրակարգի շուրջ համաձայնեցուած թեկնածու առաջադրելու նպատակով ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն բանակցութիւններէ ետք, որոշեց յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը հիմնուիլ հետեւեալ դրոյթներու վրայ.
-Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ ապահովել ԱՀ Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածի անվերապահ իրագործումը,
-Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի իրաւապայմանագրային ամրագրումը,
-Ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ներազգային համերաշխութեան ապահովումը,
-Փտածութեան եւ հովանաւորչութեան դէմ անզիջում պայքարի իրականացումը,
-Զսպումներու եւ հակակշիռներու մեքանիզմներու ներդրմամբ պետական համակարգի հաւասարակշռման, անմիջական ժողովրդավարութեան ընդլայնման ու ամրապնդման ուղղուած` Արցախի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունումը,
-Վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ եւ հետեւողական իրականացումը,
-«Ազգ-բանակ» հայեցակարգի հիման վրայ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգի կատարելագործումը:
Ժողովը որոշեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ սեփական թեկնածուով եւ նախագահի թեկնածու առաջադրել Դաւիթ Իշխանեանը: Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի առանձին ցանկով: