
Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն Արցախ Կ՛այցելէ
Արցախի Հանրապետութեան լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, թէ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Հոկտեմբեր 1-ին ընդունեց երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ ժամանած Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի ատենապետ Ֆրենք Փալոնը:
Արցախի մէջ, քոնկրեսականին կ՛ուղեկցին անոր օգնական Ճէյմզ Ճանսըն, Հայաստանի խորհրդարանի պագամաւորներ Մարիա Կարապետեան եւ Ծովինար Վարդանեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
Ղուլեան կարեւոր համարեց քոնկրեսականին Արցախ պարբերական այցելութիւնները, որոնք հիմք կը հանդիսանան Փալոնի կողմէ Քոնկրեսին մէջ նոր նախաձեռնութիւններու եւ բանաձեւերու ներկայացման:
Խորհրդարանի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականին՝ Ղարաբաղեան շարժումին 30-ամեակին առիթով Արցախի ժողովրդին ուղղուած՝ իր եւ իր գործընկերներուն տեսաուղերձներուն համար՝ նշելով. «Դրանք Արցախի ժողովրդին ոգեշնչելուց զատ նաեւ կը փաստեն Միացեալ Նահանգներու հաւատարմութիւնը ազատութեան բացարձակ գաղափարին»:
Իր կարգին, Փալոն ներկայացուց տարածաշրջանին մէջ ապահովական հաւասարակշռութեան պահպանման անհրաժեշտութեան ուղղուած իր եւ գործընկերներուն յետագայ ծրագիրները եւ յայտնեց, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է ունենայ միայն խաղաղ կարգաւորում՝ Արցախի հայկականութեան եւ անոր ապահովութեան ներկայիս գոյութիւն ունեցող բաղադրիչներուն պահպանումով:
Կողմերը նաեւ քննարկեցին Արցախի տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումը շարունակուեցաւ խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավար կազմերուն եւ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ:
Ղուլեան նշեց, որ նման հանդիպումներ »հնարաւոր կը դարձնեն չէզոքացնելու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը մեկուսացնելու արհեստական փորձերը եւ Արցախի մասին անաչառ տեղեկատուութիւն տարածելու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ”:
Փալոն, ողջունելով ներկաները՝ աւելցուց, որ իր Արցախ գտնուելուն հիմնական նպատակը աշխարհին ցոյց տալն է, որ Արցախը կայացած եւ ժողովրդավարական պետութիւն է, եւ շեշտեց, թէ նման այցելութիւններով պէտք է աշխուժացնել համագործակցութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ տարբեր երկիրներու պետական մարմիններու միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ամերիկայի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներու վերաբերող հարցեր: Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան:
Նշենք, որ Փալոն եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորեցին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Դաւիթ Մելքումեան եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆելիքս Խաչատրեան:
Նոյն օրը Ֆրենք Փալոն հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Կողմերը քննարկեցին Արցախ-ԱՄՆ կապերուն, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Բակօ Սահակեան բարձր գնահատեց քոնկրեսական Փալոնի գործունէութիւնը, որ կը լուսաբանէ հայկական հարցի եւ արցախեան հիմնախնդրի արդարացի լուսաբանումը` նշելով, որ Արցախի մէջ անոր նկատմամբ կը տածեն անկեղծ յարգանք:
Փալոն հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ, որ Փալանի խնդրանքով ներկայացուցած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը եւ Արցախի ու Ատրպէյճանի սահմանին տիրող իրավիճակը: Անդրադարձ կատարուած է սահմանին ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնած վերջին սադրանքներուն: Կողմերու գնահատումով` նշուած միջադէպերը եւս մէկ անգամ ցոյց կու տան հրադադարի վերահսկման միջազգային մեքանիզմի ներդրման հրատապութիւնը: