
Երեւանի Մէջ Կայացաւ ԵԱՏՄ-ի Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստը
Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը, որուն կը մասնակցէին ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները եւ 3 հրաւիրեալ երկիրներու առաջնորդները։
Ընդլայնուած կազմով նիստին քննարկուեցան ԵԱՏՄ-ի 2018-ի պիւտճէի կատարողականը, ԵԱՏՄ-ի 2020-ի պիւտճէն, ԵԱՏՄ-ի միասնական ֆինանսական շուկայի կազմաւորման հայեցակարգը, ԵԱՏՄ-ի ներքին շարք մը փոփոխութիւններ եւ Բարձրագոյն խորհուրդի յաջորդ նիստին վայրը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ որպէս ԵԱՏՄ-ի նախագահող եւ հիւրընկալող երկրի ղեկավար, ողջունելով նիստի մասնակցողները՝ նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է հերթական նիստին ընթացքին ներկաները ողջունել Երեւանի մէջ:
«Մեր կազմակերպութիւնը, որն արդէն 5 տարեկան է, կը շարունակէ տարիէ տարի աւելի ամուր դառնալ: Ան արդէն ցոյց տուեած է իր կենսունակութիւնը եւ գրաւչութիւնը՝ որպէս միջազգային համարկումի միութիւն», ընդգծեց Հայաստանի վարչապետը։
Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստան այս տարի ԵԱՏՄ-ի նախագահող երկիրն է եւ բացի Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներէն, նիստին կը մասնակցին Սինկափուրի վարչապետը, Իրանի եւ Մոլտովայի նախագահները. «Ատիկա մեր նախագահութեան խորհրդանշական գագաթնակէտն է»։
Վարչապետը նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով նիստի շրջագիծին մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային համաժողով՝ նուիրուած Եւրասիական մայրացամաքի տարանցման հնարաւորութիւններուն։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այս իրադարձութիւնը պիտի ծառայէ որպէս արդիւնաւէտ հարթակ՝ առեւտրատնտեսական կապերը ամրապնդելու եւ Եւրասիական տարածքին մէջ գումակային պատկերացումներ մշակելու համար։
Արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց ԵԱՏՄ-ի շրջագիծին մէջ աշխատուժի ազատ տեղաշարժի համար առկայ արգելքները վերացնելուն ուղղուած միջոցները, որոնք կը խոչընդոտեն աշխատուժի միասնական շուկայի ձեւաւորումը:
Անոր համաձայն՝ ելեկտրոնային թուային ստորագրութիւններու փոխադարձ ճանաչումը հնարաւոր մատակարարներու՝ ելեկտրոնային ձեւաչափով գնումներուն անխոչընդոտ մասնակցութիւնը ապահովելու համար նոյնպէս առանձնայատուկ ուշադրութիւն պահանջող առաջնահերթ հարցերէն է, եւ անհրաժեշտ է բոլորին համար ընդունելի լուծում գտնել:
Վարչապետը ըսաւ, թէ համարկումի գործընթացը կ՛ըլլայ աւելի աշխուժ, եթէ մեր քաղաքացիները համոզուին, որ մեր աշխատանքի արդիւնքով որոշումներ կը կայացուին զգայուն հարցերու վերաբերեալ, որոնք անոնց կենսամակարդակի եւ աշխատանքային պայմաններու անմիջական բարելաւման կը հասցնեն: »Վստահ եմ, որ այս ուղղութեամբ իրականացուող հետեւողական աշխատանքը թոյլ կը տայ մեզ ոչ միայն արդիւնաւէտօրէն վերացնել խոչընդոտները, այլեւ կը նպաստի առաւել ամբողջական համարկման՝ հաւասարութեան, փոխադարձ շահի եւ միմեանց շահերի յարգանքի սկզբունքների հիման վրայ«, ըսաւ ան։
Նիկոլ Փաշինեանը նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ կը նկատեն աշխուժացնել միացեալ ջանքերը՝ ուղղուած ԵԱՏՄ-ի երկիրներու միջեւ ազգային արժոյթներով հաշուարկներու անցման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման. «Չնայած դրական աշխուժութեան՝ կան ոլորտներ, մասնաւորապէս, կազի շուկան, որտեղ ԵԱՏՄ-ի երկիրներու ապրանքները աւանդաբար կ՛առաջարկուին Միութեան անդամ չհանդիսացող երկիրներու ազգային արժոյթով, եւ ազգային արժոյթներով փոխգործակցութեան համար դաշտի առաւելագոյն ընդլայնումը պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթութիւններու շարքին»։
Անոր համաձայն՝ այսօրուան հանդիպման օրակարգին վրայ ներառուած է Միասնական ֆինանսական շուկայ ստեղծելու հայեցակարգի հարցը. «Սա ինքնին արդէն լուրջ քայլ է ընդհանուր ֆինանսական տարածքի ձեւաւորման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ նախադրեալ է ԵԱՏՄ-ի ժամանակակից վճարահաշուարկային համակարգի կառուցման եւ ազգային արժոյթներով հաշուարկնեու անցնելուն բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար»։
Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ Եւրասիական տնտեսական միութեան արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու աշխարհագրութեան ընդլայնման: Անոր խօսքով՝ արդէն այս ամիս ուժի մէջ կը մտնեն Իրանի եւ Չինաստանի հետ համաձայնագիրները:
«Օգտուելով անկէ, որ այստեղ ներկայ է յարգելի պարոն Ռոհանին, ես կը ցանկամ վստահութիւն յայտնել, որ ԵԱՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ ժամանակաւոր համաձայնագիրը պիտի ծառայէ որպէս մղիչ ուժ մեր փոխադարձ առեւտուրի յետագայ զարգացման համար: Ատիկա դրական պիտի ազդէ մեր երկիրներու տնտեսական վիճակի վրայ՝ յաւելեալ արժէքի նոր շղթաներու լրացման եւ ստեղծման հաշուին»,- ըսաւ Փաշինեան։
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յայտնեց, որ արդէն աւարտած են Սինկափուրի հետ բանակցութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք ստորագրուեցաւ ԵԱՏՄի, անոր անդամ երկիրներու եւ Սինկափուրի Հանրապետութեան միջեւ Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յայտնեց, որ Սերպիոյ հետ բանակցութիւնները եւս աւարտած են, եւ ստորագրած համապատասխան համաձայնագիր ազատ առեւտուրի մասին:
«Մենք նպատակ ունենք արդիւնաւէտ աւարտին հասցնենք նաեւ Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Հնդկաստանի հետ բանակցութիւնները, ինչ որ առաւելութիւններ կ՛ընձեռէ մեր միաւորման՝ դարձնելով զայն նաեւ ներդրումներու ներգրաւման կեդրոն», նշեց ան։