«Աւրորա»-ի Ներկայացուցիչները Պիտի Հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին

Աշխարհ, Սփիւռք

Հոկտեմբեր 2-ին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները Վատիկանի մէջ պիտի արժանանան Ֆրանչիսկոս պապի ընդունելութեան, կը հաղորդէ  Mediamax-ը։

Ֆրանչիսկոս պապի հետ հանդիպման ներկայ պիտի ըլլան «Աւրորա»-ի համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, ինչպէս նաեւ «Աւրորա» մրցանակի երեք դափնեկիրները` Թոմ Քաթինան, Մարգարիտ Պարանկիցէն եւ Չոյ Լա Աունը:

Այցելութեան ընթացքին Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ մարդասիրական եւ ընկերային հարցերու վերաբերեալ կլոր-սեղան քննարկում: