Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Զուիցերիա Եւ Հոլանտա

Սփիւռք

Ընդառաջելով Հոլանտայի Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետին հրաւէրին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կիրակի օր մեկնեցաւ Հոլանտա: Վեհափառ հայրապետին  այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք օր, որուն ընթացքին ան երկու դասախօսութիւններ պիտի տայ տարբեր համալսարաններու մէջ եւ պիտի նախագահէ աստուածաբանական ու բարոյագիտական նիւթերու քննարկումներու նուիրուած հանդիպումին:

Հոլանտա կատարելիք այցելութեան վեհափառ հայրապետին պիտի ընկերանան կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան, դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ.  Թինքճեան, կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ Զուիցերիոյ մէջ Կիլիկեան Ս. աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան: Անոնք մասնակից պիտի դառնան Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբաններու հետ տեղի ունենալիք աստուածաբանական ու բարոյագիտական նիւթերու քննարկումներուն:

Զուիցերիոյ մէջ վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ Սիսի դատին եւ Սուրիական տագնապին առնչուած հարցերու գծով: