ՀՀ Վարչապետը ԱԱԾ Տնօրէնի եւ Ոստիկանապետի Ժամանակաւոր Պաշտօնակատարներ Նշանակած է

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում կայացուցած է ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ Էդուարդ Մարտիրոսեանը նշանակել ԱԱԾ տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, վարչապետը նշած է կառավարութեան նիստին սկիզբը՝ աւելցնելով, որ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Արման Սարգսեանը նշանակած է ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:

«Տեղեկացնեմ, որ ասիկա ՀՀ օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգավիճակ է, եւ մեր գործընկերները այդ կարգավիճակին մէջ ունին լիարժէք լիազօրութիւն ղեկավարելու երկու համակարգերը: Ես կ՝ուզեմ յաջողութիւն մաղթել եւ շնորհաւորել մեր գործընկերները: Պաշտօնական առումով մենք կը սպասենք նախագահին կողմէ այդ հրամանագրերուն ստորագրման ու հրապարակման»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ Արթուր Վանեցեանը եւ Վալերի Օսիպեանը պաշտօնազրկուած են ԱԱԾ տնօրէնի եւ Ոստիկանութեան պետի պաշտօններէն: Օսիպեանը նշանակուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական: