Եռակողմ Անհամաձայնութիւններ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Անգարայի մէջ կայացած Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան միջնախագահական ձեւաչափով եռակողմ հանդիպման պաշտօնական յայտարարութիւնը ո՛չ միայն հակիրճ է, այլ նոյնիսկ անբովանդակ: Նման ամփոփ եւ որեւէ հիմնական շեշտադրում չպարփակող յայտարարութիւն կա՛մ կ՛ուզէ թաքցնել հիմնական բաժինը եւ ուշադրութիւն ցրուել, կա՛մ ալ ընդհանուր յայտարարներու չգալու պարագային կը շրջանցէ տարակարծութիւններու գոյութեան փաստը:

Կը թուի, թէ Անգարայի եռակողմանի հանդիպումը երկրորդ հաւանականութեան պարագան կը պարզէ:

Հետեւինք հանդիպումէն ետք հրապարակուած յայտարարութիւններուն.

– Էրտողան. «Անցնող երկու տարուան ընթացքին մեծ ջանքեր գործադրուած են Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար, եւ տակաւին ճիգը կը շարունակուի տագնապին արմատական լուծում գտնելու եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար:

Մեր ժողովին ընթացքին կեդրոնացանք Իտլիպի եւ Եփրատի արեւելեան ափի տագնապին վրայ, ինչպէս նաեւ գաղթականներու արմատական լուծումի մը որոնման վրայ»:

Արեւելեան Եփրատի եւ «Ձիթենիի ճիւղ»-ի գործողութիւններուն նպատակը ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարն է»:

– Ռուհանի. «Անհրաժեշտ է յարգել Սուրիոյ  գերիշխանութիւնը եւ կարեւոր նկատել անոր ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքը: Իրան միշտ ալ աջակցած է սուրիական կառավարութեան ու սուրիացի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ մասերուն միջեւ երկխօսութեան:

Սուրիական հողերուն վրայ ամերիկեան ներկայութիւնը Սուրիոյ գերիշխանութեան սպառնալիք մըն է:

Իրան ցաւ կը յայտնէ, որ կարելի չէ եղած Իտլիպի համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ գործադրել, ինչ որ աճեցուցած է այն տարածքները, որոնք կը գտնուին ահաբեկչական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ»:

– Փութին. «Իտլիպը մտահոգութեան մեծագոյն աղբիւրն է:

Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտի մը չի կրնար սադրանքներու շղթայազերծման կէտ ըլլալ:

Սուրիան պէտք չէ ազդեցութեան գօտիներու բաժնել»:

Քաղաքական ամէնէն պարզ ընթերցումն իսկ կը համոզէ, որ զուգահեռացուող շատ գիծեր կան Թեհրանի եւ Մոսկուայի վարիչներուն կատարած յայտարարութիւններուն միջեւ. երկուքին կողմէ նաեւ սլաքներ կան` Անգարային ուղղուած:

Անգարան կը խօսի Իտլիպին առընթեր Եփրատի արեւելեան ափի մասին, մինչ Թեհրանն ու Մոսկուան շեշտը կը դնեն Իտլիպի մաքրազտման անհրաժեշտութեան վրայ:

Տարըմբռնումներ կան նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներ հասկացողութեան առումով: Անգարայի համար իրականացած գործողութիւններու օրինակներու մէջբերումով պարզ կը դառնայ, որ քրտական գործօնն է, որ ահաբեկչական կ՛որակուի, մինչ Իտլիպի մաքրազտումի անհրաժեշտութիւնը, որ կ՛արծարծեն Մոսկուան եւ Թեհրանը, կը վերաբերի իսլամական ծայրայեղականներուն:

Իրանը իր օրակարգի առաջ մղումով եթէ կը քննադատէ ամերիկեան զօրքերու տեղակայումը սուրիական տարածքներու վրայ, ապա Մոսկուան յստակօրէն կ՛ընդգծէ, որ մեծագոյն հիմնախնդիրը Իտլիպի մաքրազտումն է: Արեւելեան Եփրատը ո՛չ միայն շրջանցուած է, այլ ուղղակիօրէն հանդիսացած է Մոսկուա – Անգարա տարակարծութեան առանցք:

Երբ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահը կը յայտարարէ, թէ Սուրիան պէտք չէ ազդեցութեան գօտիներու բաժնել, պարզ տեսքով ըսել կ՛ուզէ, որ համաձայն չէ Անգարայի առաջադրած անվտանգութեան գօտիի ստեղծման:

Եռակողմանի հանդիպման վայրը` Անգարան, որեւէ առաւելութիւն չէ ապահոված Թուրքիոյ, որ սուրիական տարածքներու վրայ զինուորական տեղաշարժ ապահովելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլ կարենայ առնել: Ռազմավարական առանցքի երկիրներու ղեկավարները  իրենց օրակարգերը յառաջ քշած են` գոյավիճակը նոյն կէտին վրայ պահած ըլլալով:

Յստակօրէն կան տարընկալումներ, շահերու տարբերութիւններ եւ մանաւանդ նոր գօտիներ ստեղծելու ծրագիրներու արգելակումներ: