Շահումեանի Եւ Քաշաթաղի Մէջ 27 Բնակարան Եւ Դպրոց Պիտի Կառուցուի

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 7 օգոստոսին ընդունած է «Արցախ Ռութց ինվեսթմենթ – (ԱՌԻ) ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամներ Ստեփան Տէր Պետրոսեանն ու Վաչէ Մելքոնեանը: Քննարկուած են Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքին մէջ («Առիաւան» թաղամաս) տասներկու եւ Շահումեանի շրջանի կեդրոն Քարվաճառ քաղաքին մէջ («Սիտնի» թաղամաս) տասնհինգ տուներ կառուցելու ծրագիրին առնչուող հարցեր: Ըստ համաձայնութեան, ընկերային տարբեր խումբերու  համար նախատեսուած բնակարանները պատրաստ պիտի ըլլան շահագործման մինչեւ տարեվերջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակց»-ը։

Այնուհետեւ Գրիգորի Մարտիրոսեան Արցախի կառավարութեան անունով «ԱՌԻ» ընկերութեան հետ ստորագրած է համաձայնագիր` ազդարարելով Աղաւնոյ համայնքին մէջ դպրոցական շէնքի շինարարութեան մեկնարկը:

Պետական նախարարը բարձր գնահատած է ընկերութեան աջակցութիւնը Արցախի մէջ վերաբնակեցման հոլովոյթին` ընդգծելով սփիւռքի հետ փոխադարձ շահաւէտ ծրագիրներու հետեւողական իրագործումն ու ընդլայնումը: