Մինչեւ Վերջ Ատրպէյճանի Կողքը Պիտի Կանգնինք. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն թուրք դեսպաններու խորհրդաժողովին ժամանակ անդրադարձած է արցախեան հարցին։

Վկայակոչելով Haberler-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ ելոյթի ժամանակ Չաւուշօղլու նախ խօսած է առհարսարակ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներուն, մարտահրաւէրուն մասին։

Անդրադառնալով արցախեան հարցին, Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի ղեկավարը ըսած է,- «Մենք մինչեւ վերջ պիտի կանգնինք եղբայրական Ատրպէյճանի կողքը, յատկապէս Ղարաբաղի հարցով»: