
Հայաստանի Մէջ Պիտի Իրականացուին Միջազգային Բանակային Խաղերու «Խաղաղութեան Մարտիկ» Մրցումները
«Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարին ծիրէն ներս, Օգոստոս 3-15, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի իրականացուին «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումները: ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումներուն պիտի մասնակցին Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Իրանի, Յունաստանի, Ղազախստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու ներկայացուցիչները:
Մրցումները պիտի իրականացուին Երեւանի, Դիլիջանի եւ Իջեւանի մէջ: Մրցումներուն մասնակիցները ուժերը պիտի չափեն ռազմամասնագիտական «Փրոֆեսընըլ» (կողմնորոշում տարածքին մէջ, մարտական պատրաստութեան համալիր վարժութիւններ, բուժօգնութեան կազմակերպում), ռազմամարզական «Աթլեթ», կրակային պատրաստութեան «Դիպուկահար», գրական-գեղարուեստական եւ պարային-երաժշտական «Տէր եւ Տիկին», ռազմական պատմութեան գիտելիքներու ստուգման «Էրուդիտ» մրցաձեւերու մէջ:
«Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումներուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 3-ին` Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանին մէջ: