
«Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք-2019» Ծրագիրը Հասաւ Իր Աւարտին
Համազգայինի նախաձեռնութեամբ արդէն 25-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցած է ուսանողական հաւաքը (ֆորումը): Աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայրենիք հասած երիտասարդներու մասնակցութեամբ հաւաքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր 15 յուլիսին: Երկշաբաթեայ ծրագիրի ընթացքին շուրջ 35 երիտասարդներ, որոնց մէկ մասը առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք կը գտնուին, առիթը ունեցան ծանօթանալու Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կեանքին, այցելելու պատմական-մշակութային, կրթական կոթողներ, թանգարաններ, կապեր հաստատելու այլ շրջաններու հայ երիտասարդներու հետ:
Ծրագիրի վերջին 3 օրը ֆորումին մասնակիցները կը գտնուէին Արցախ: Երիտասարդները նախ այցելեցին «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւն, ծանօթացան արցախեան գորգերու պատմութեան, առիթ ունեցան գորգագործ կիներէ ծանօթանալու գործին:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի հետ հանդիպումի ընթացքին Համազգայինի ֆորումին մասնակիցները ծանօթացան արցախեան շարժման պատմութեան եւ առիթը ունեցան ստանալու զիրենք հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանները:
Յագեցած ծրագիրի ընթացքին «Համազգայինի ուսանողական հաւաք-2019»-ի մասնակիցները այցելեցին նաեւ զօրամաս եւ Արցախի տեսարժան վայրեր: Զօրամասին մէջ զինուորները ներկայացուցին գեղարուեստական ծրագիր, որ կ՛ընդգրկէր ազգային, հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր: Ֆորումականները նոյնպէս մաս կազմեցին համերգին` երգելով ու պարելով զինուորներուն հետ:
Համազգայինի հաւաքի պատասխանատուները նշեցին, որ, ականատես ըլլալով երիտասարդներու ոգեւորութեան ու հայրենիքի մասին աւելի իմանալու ու տեսնելու ձգտումին, համոզուած են եւ անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ ծրագիրի հիմնական առաքելութիւնը հասած է իր նպատակին: