Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան Փոխանցումները Աճած Են

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Տնտեսական զարգացման նախաձեռնութիւններու կեդրոնի հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն՝ 2019-ի առաջին եռամսեակին 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ հայաստանեան դրամատուներու միջոցով անհատներու անունով արտասահմանէն եղած դրամական փոխանցումները աճած են 9.3 տոկոսով՝ կազմելով 391,47 միլիոն տոլար: Այս մասին կը հաղորդէ Civilnet.am-ը։

Տեղեկագիրը կը նշէ, որ 2019-ի առաջին եռամսեակին, 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած Հայաստանի դրամատուներու միջոցով անհատներու անունով Ռուսիայէն կատարուած փոխանցումները 3 տոկոսով կրճատուած են՝ կազմելով ստացուող ընդհանուր դրամական փոխանցումներուն 49.98 տոկոսը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանագներէն եւ այլ երկիրներէ ստացուած դրամական փոխանցումներուն գումարը գերազանցած է Ռուսիայէն ստացուող դրամական փոխանցումներու գումարը: Այլ երկիրներէ դրամական փոխանցումները աճած են 23.3 տոկոսով, իսկ Միացեալ Նահանգներու պարագային՝ 29.7 տոկոսով:

Ռուսիայէն դրամական փոխանցումներու կրճատումը յստակօրէն պայմանաւորուած է նաեւ հաշուետու ժամանակահատուածին տոլարին նկատմամբ ռուբլիի՝ 16.2 տոկոսով արժեզրկումով:  Ուշագրաւ է, որ 2008էն 2018, թէ՛ տարեկան եւ թէ առաջին եռամսեակի դրութեամբ՝ Ռուսիայէն Հայաստան փոխանցումներու մասնաբաժինը ներհոսքի կառուցուածքին մէջ երբեք 50 տոկոսէն ցած չէր եղած:

Ուսումնասիրուող ժամանակահատուածի դրամական փոխանցումներու արտահոսքը աւելցած է 4.83 տոկոսով՝ կազմելով 286,62 միլիոն տոլար: Դրական ներհոսքը կազմած է 104,84 միլիոն տոլար, որ նախորդ ցուցանիշէն 23,51 տոկոսով աւելի է: Արտահոսքը գլխաւորաբար աճած է դէպի  Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ ուղարկուող դրամական փոխանցումներու պարագային (աճը կազմած է համապատասխանաբար՝ 18.2 տոկոս եւ 7.2 տոկոս), մինչդեռ այլ երկիրներու պարագային արտահոսքը կրճատուած է 7.3 տոկոսով:

Վերջին 10 տարիներուն, առաջին անգամն ըլլալով Հայաստան եկող դրամական փոխանցումներու կառուցուածքին մէջ Ռուսիոյ մասնաբաժինը եղած է նուազագոյնը։