
Ատրպէյճանը Պիտի Չեղարկէ Թուրքիոյ Հետ Վիզային Ռեժիմը
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վիզային ռեժիմը պիտի չեղարկուի Սեպտեմբեր 1-էն:Այս մասին Ռիա Նովսթիին յատնած է Պաքուէն դիւանագիտական աղբիւր մը:
Անգարան 2007 թուականին միակողմանի կարգով չեղարկած էր վիզային ռեժիմը Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն համար: Այս պահուն Ատրպէյճանի քաղաքացիները առանց վիզայի Թուրքիոյ տարածք կրնան գտնուիլ 30 օր:
«Սեպտեմբեր 1-էն Թուրքիոյ քաղաքացիները ստիպուած չեն ըլլար վիզա ստանալ Ատրպէյճան այցելութիւններու համար: Թուրքիոյ քաղաքացիները պիտի կարենան առանց վիզայի Ատրպէյճանի մէջ գտնուիլ 30 օր», – յայտնած է աղբիւրը: