
3 Զոհ, 15 Վիրաւոր. Զինեալ Ահաբեկչական Խմբաիորումներ Կը Շարունակեն Հրթիռակոծել Հալէպը
24 Յուլիս 2019-ին, Հալէպի արեւմտեան Ռաշիտին շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկիչներ կրկին հրթիռակոծեցին Հալէպի Համտանիէ եւ Սէյֆ ալ Տաուլէ թաղամասերը։ Զոհուեցաւ երեք քաղաքային, վիրաւորուեցաւ՝ 15։ Զոհերուն մէջ էին մայր մը եւ իր մանուկը, որոնք ածխացած գտնուեցան ինքնաշարժի մը մէջ, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։
Վիրաւորները փոխադրուեցան Ռազի եւ համալսարանի հիւանդանոցները։
ՍԱՆԱ-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, սուրիական բանակը հակադարձելով հրթիռակոծեց «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի ահաբեկիչներն ու անոնց պահեստները։