Կաթողիկոսը Հիւրընկալած է Աշխարհի 15 Երկիրներէ Ժամանած 40 Սփիւռքահայ Ուսուցիչներ
Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հիւրընկալած է աշխարհի 15 երկիրներէ Հայաստան ժամանած 40 սփիւռքահայ ուսուցիչներ` Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Ռուբէն Միրզախանեանի ուղեկցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:
Սփիւռքահայ ուսուցիչները համալսարանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կը մասնակցին վերապատրաստման մէկամսեայ դասընթացներուն:
Ռուբէն Միրզախանեան շնորհակալութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան` ընդունելութեան համար եւ ընդգծած Հայ Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հայապահպանութեան ուղղուած լայնածաւալ աշխատանքները:
Այնուհետեւ ուսուցիչներուն իր հայրական օրհնութիւնը տուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` կարեւոր համարելով արդէն աւանդոյթ դարձած այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը:
Վեհափառը յոյս յայտնած է, որ այցը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը դասընթացներուն դրական լիցքեր կը հաղորդեն ուսուցիչներուն` նոր ուժով եւ աւիւնով շարունակելու իրենց բարդ ու դժուարին առաքելութիւնը:
Բարձր գնահատելով հայապահպանութեան գործին մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու դրսեւորած նախանձախնդրութիւնը` Գարեգին Երկրորդ Հայրապետը շեշտած է, որ մանկավարժները կարեւոր պատասխանատւութիւն կը կրեն այսօրուան եւ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան եւ կրթութեան համար:
Հանդիպման Նորին Սրբութիւնը նաեւ հետաքրքրուած է Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կրթօջախներով եւ ուսուցիչները յուզող խնդիրներով:
