Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ Դատարաններու Շուրջ Ծաւալած Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Հայաստան

Յուլիս 22-ին Հայաստանի «Ազատութիւն», «Ազգային օրակարգ»,«Երկիր ծիրանի», Հայաստանի դեմոկրատական, Հ. Յ. Դաշնակցութիւն, «Մէկ Հայաստան», Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ ստեղծուած  դատական իշխանութեան շուրջ ծաւալած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ։

Պետական իշխանութեան թեւերու միջեւ հաւասարակշռութեան եւ փոխզսպումներու համակարգի կայացումն ու անխափան գործունէութիւնը իւրաքանչիւր երկրի զարգացման գրաւականներէն է: Օրէնսդիր, գործադիր ու դատական համակարգերու անկախութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը պարտադիր պայման է`բացառելու իշխանութեան կեդրոնացումը մէկ քաղաքական ուժի ձեռքը, որ երկրին մէջ մենիշխանութեան հաստատման հիմնական նախադրեալներէն է: Այս առումով` դատարաններու եւ դատաւորներու նկատմամբ քաղաքական իշխանութեան կողմէ ազդեցութիւն գործադրելու որեւէ փորձ անթոյլատրելի է:

Արդարադատութեան արդիւնաւէտ գործունէութեան կարեւորագոյն երաշխիքներէն է անոր ապաքաղաքական բնոյթն ու անկախութիւնը օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութենէն: Ի հակադրութիւն միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ սահմանադրօրէն ամրագրուած այս սկզբունքներուն, ներկայիս քաղաքական իշխանութիւնը, ժողովրդաիշխանութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի անուան տակ շահարկելով դատաիրաւական համակարգին մէջ առկայ եւ տարիներու ընթացքին կուտակուած խնդիրները, արատաւոր երեւոյթները, ըստ էութեան, ձեռնամուխ եղած է ծայրայեղ գործողութեան` դատական իշխանութեան լիակատար իւրացման:

Սահմանադրական կարգի պահպանման եւ անհրաժեշտ անվտանգային իրավիճակի ապահովման ծիրէն ներս անընդունելի եւ դատապարտելի է, երբ`

Քաղաքական իշխանութեան ուղղակի մասնակցութեամբ կը կազմակերպուի դատարաններու արգելափակում, կը խոչընդոտուի դատաւորներու եւ փաստաբաններու բնականոն աշխատանքը, ճնշում կը գործադրուի Բարձրագոյն դատական խորհեւրդի անդամներուն վրայ:

Անթաքոյց նպատակադրմամբ փորձ կը կատարուի ձեւաւորելու սեփական քաղաքական շահերը սպասարկող Սահմանադրական դատարան: Այս նպատակով Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութիւնը, ըստ էութեան, պարտադրեց Հանրապետութեան նախագահին` առաջադրել Սահմանադրական դատարանի` իշխանութեան քաղաքական հայեացքներն ու գործելաոճը որդեգրած դատաւորի թեկնածու, որ իր ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ ինքն զինք ապօրինաբար հռչակեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ:

Դատական համակարգի նուաճման քաղաքական այս ծրագրի իրագործման լծուած են նաեւ իշխանամերձ մամուլն ու փորձագիտական ուղղորդուող շրջանակ մը, որ առանց յստակ հայեցակարգի, առաջ կը տանին եւ կը փորձեն դատական բարեփոխումներու քաղաքական օրակարգը փոխարինել ոչ իրատեսական, երկրի իրաւական անվտանգութեան սպառնացող գաղափարներով` ներառեալ անցումային արդարադատութիւնը, դատաւորներու համատարած վեթինգը, առանց մեղադրական դատավճռի գոյքի բռնագանձումը: Արհամարհելով իրաւունքի գերակայութեան, անմեղութեան կանխաւարկածի, սեփականութեան անձեռնմխելիութեան սկզբունքներն ու աղաւաղելով դատաիրաւական համակարգի բնականոն բարեփոխման օրակարգը` հարուածի տակ կը դրուին Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իրաւակարգը եւ երկրի կայունութիւնը:

Վերոյիշեալ գործողութիւնները կը հարուածեն նաեւ Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան, կը հակասեն երկրի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ կը խաթարեն մեր պետականութեան հիմքերը:

Ըստ այդմ,

Կը պահանջենք ՀՀ Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութենէն եւ կառավարութենէն` հրաժարիլ պետականութեանը սպառնացող գործողութիւններէն, նախաձեռնել դատական համակարգի համապարփակ բարեփոխումներու փաթեթի մշակում, հանրային եւ մասնագիտական քննարկումներ` նպատակադրելով անկախ եւ քաղաքական ազդեցութենէ զերծ դատարաններու ձեւաւորումը` ՀՀ Սահմանադրութեան պահանջներուն եւ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու խստիւ պահպանումով:

Կը պահանջենք Հանրապետութեան նախագահէն` որպէս պետութեան գլուխ եւ Սահմանադրութեան պահպանման հետեւող անաչառ եւ բացառապէս համապետական ու համազգային շահերով առաջնորդուող բարձրագոյն պաշտօնատար անձ, ուղերձով դիմել ՀՀ Ազգային ժողովին` դատական իշխանութեան շուրջ ստեղծուած լարուած մթնոլորտը լիցքաթափելու, արդարադատութեան իրականացման խոչընդոտող հանգամանքները, դատարաններու եւ դատաւորներու` ներառեալ Սահմանադրական դատարանի բնականոն աշխատանքը խաթարող գործընթացները կասեցնելու, արդարադատութիւն իրականացնելու ատեն անոնց անկախութիւնը երաշխաւորող սահմանադրական օրէնքներու ամբողջական ապահովման նպատակով:

Կը դիմենք քաղաքական ուժերուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ երկրի ապագայով մտահոգուած մեր հայրենակիցներուն` մերժել իրաւական պետութեան կայացման խոչընդոտող գործողութիւնները, համախմբուիլ դատական համակարգի բնականոն բարեփոխումներու օրակարգի շուրջ` յանձնառու ըլլալով ցուցաբերել անհրաժեշտ մասնագիտական օժանդակութիւն անոնց իրականացման եւ ձեւաւորել իրաւական անվտանգութեան համապարփակ հայեցակարգ:

Գործող քաղաքական իշխանութեան կողմէ դատական իշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու շարունակուելու պարագային` ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու շրջանակներու հասու միջոցներով պիտի հակազդենք բոլոր ապօրինի գործողութիւններուն եւ պատասխանատւութեան պիտի կանչենք կազմակերպիչներուն: