
Բակօ Սահակեան Ընդունած է ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի Պետ Արտակ Դաւթեանը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յուլիս 3-ին, ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Արտակ Դաւթեանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէր ԱՀ պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտէն ներս հայկական երկու հանրապետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: