Այսօր ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 44-րդ Մարզախաղերուն Բացումը Պիտի Կատարուի

Սփիւռք

Այսօր, Քալիֆորնիոյ մէջ, պաշտօնապէս բացումը կը կատարուի շրջանի մեծագոյն երիտասարդական մարզական նախաձեռնութեան՝ ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 44-րդ մարզախաղերու եզրափակիչ շաբթուան, Վեն Նայսի Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլի շրջափակին մէջ (17000 Haynes, Van Nuys, CA 91406): Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Կերպարանափոխուած է արդէն հանրային բազմամարդ այս վարժարանին դիմագիծը եւ ստացած է հայկական երանգ ու ՀՄԸՄ-ական ոգի: Կեանքը սկսած է եռալու հոն, մասնաճիւղերը եւ շրջանի առեւտուր ընողները արդէն իսկ դասաւորած են իրենց կրպակները, իսկ փառատօնի շրջափակը պատրաստ է ուրախ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալելու հանրութիւնը:

Նաւասարդեան իւրայատուկ այս շաբաթուան բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան, ժամը 7:30-ին Վեն Նայսի Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլի շրջափակին մէջ: Այնուհետեւ, շարունակուող մարզական մրցումներուն առընթեր, փառատօնի շրջափակին մէջ պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան սիրուած արուեստագէտներ՝ ՀՄԸՄ-ական սիրուած երգիչ Վարանդը, Անթօ Դեղարարեան եւ Անուշ Պետրոսեան: Կը սպասուին նաեւ գեղեցիկ անակնկալներ:

Ժամը 9:15-էն սկսեալ եւ մինչեւ կէս գիշեր, մթնոլորտը պիտի ճոխացնէ ազգային-յեղափոխական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան, որուն երգերուն պիտի ընկերակցի նաեւ այնքան սպասուած հրավառութիւնը:

3 Յուլիսին, բոլորիս ժամադրավայրը թող հանդիսանայ Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլը, ուր ուրախ մթնոլորտի մը մէջ պիտի վայելենք մեր երիտասարդութեան յաղթանակները յատկանշող մարզական մրցումներ եւ այդ առիթով կազմակերպուած փառատօնը ու փակման հանդիսութիւնը:

Ձեր քաջալերանքը առաւել պիտի խրախուսէ մեր երիտասարդութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 44ր-դ մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու մասին մանրամասնութիւններ ստանալու համար՝ կարելի է հետեւիլ «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսնող հրապարակումներուն, ՀՄԸՄ-ի «Ֆէյսպուք»ի էջին, ինչպէս նաեւ դիմել ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը՝ հեռաձայնելով (323) 344-4300 թիւին կամ դիմելով info.wusa@homenetmen.org հասցէին: