
Վարչապետը հանդիպած է Սուրիոյ մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Իրականացուցած Մասնագէտներուն Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յուլիս 2-ին հանդիպած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուցած Հայաստանի մասնագէտներու առաջին խումբի անդամներուն հետ:
Ան ողջունած է մարդասիրական առաքելութեան իրականացուցած խումբի անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց` առաքելութիւնը բարեյաջող իրականացնելու համար:
Փաշինեան ընդգծած է, որ այս առաքելութիւնը նոյնիսկ պատմական կը համարէ, որովհետեւ ան մեր ազգային յարգանքի, տուրքի մատուցումն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր հայրենակիցներուն ապաստան տուած է:
Վարչապետը ներկայացուցած է առաքելութեան ընթացքին արձանագրուած արդիւնքը` թիւերով. այս ընթացքին, հայաստանեան առաքելութեան կողմէ ականազերծուած է 27 հազար 510 քմ տարածք, վիրաբուժական օգնութիւն ցուցաբերուած է 241 հիւանդի, բժշկական խորհրդատւութեան բնոյթի բուժօգնութիւն ցուցաբերուած է 626 քաղաքացիի, իրականացուած է 1067 տարրալուծական հետազօտութիւն: