Վարդան Բալայան Նշանակուած է Արցախի Նախագահի Ներկայացուցիչ` Յատուկ Յանձնարարութիւններու Գծով

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 2-ին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն` Վարդան Բալայան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ` յատուկ յանձնարարութիւններու գծով:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը:

Վարդան Բալայեանը Պաշտպանութեան բանակի գնդապետ  է: Յունիսին Բալայեան ազատուած էր Արցախի ՊԲ հրամանատարի տեղակալի պաշտօնէն եւ արձակուած զինուորական ծառայութենէն` զինուորական կենսաթոշակի անցնելու համար: