Բանակցութիւններու Հոլովոյթին Սպառնալիքի Լեզուն Չի Գործեր. Զօհրապ Մնացականեան

Աշխարհ, Հայաստան

Մալթայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի խթանման նախարար Քարմելօ Ապելայի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ կայացած հանդիպման մանրամասնութիւններուն` ըսած է, որ Հայաստանի համար չափազանց կարեւոր է ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով խաղաղութեան նպաստող միջավայրը:

«Մենք քննարկած ենք բաւական հարցեր, որոնք  կառուցուած են այն ամբողջ երկխօսութեան վրայ, որ տեղի ունեցած է մինչեւ ուաշինկթընեան հանդիպումը: Առանձնայատուկ էր այն, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենար այն ատեն, երբ մենք շփման գիծին վրայ ունէինք լարուածութեան որոշ աճ եւ, բնականաբար, ատիկա չէր կրնար իր ազդեցութիւնը չունենալ հանդիպման վրայ: Բնականաբար, բաւական մեծ տեղ յատկացուցինք այդ իրողութեան եւ քննարկեցինք այն բոլոր հարցերը, որոնք անհրաժեշտ են իրավիճակի լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ խուսափելու որեւէ  յաւելեալ զարգացումէ, որ ա՛լ աւելի պիտի սրէ իրավիճակը»,- յայտնած է Մնացականեան:

Ըստ անոր, կան քանի մը նախաձեռնութիւններ, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ եւս յառաջ բերուած են եւ անոնք պիտի ստեղծեն իրավիճակ մը, որ պիտի նպաստէ խաղաղ հոլովոյթին:

«Խաղաղութեան նպաստող միջավայրը մեզի համար չափազանց կարեւոր ու գերակայ խնդիրներէն մէկն է: Այդ միջավայրը իր մէջ կը ներառէ երկու կարեւոր բաղադրիչ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի մարդկային  կապերուն,  հռետորաբանութեան նուազեցման եւ այնպիսի  միջավայրի, ուր ատելութեան մթնոլորտը զարգացում չստանայ, այլ հակառակը: Անոր միւս բաղադրիչը այն է, որ պէտք է շարունակենք աշխատիլ յարձակումի վտանգներու նուազեցման ուղղութեամբ: Ասիկա այնպիսի համակարգ է, որ իր մէջ կը պարունակէ տարբեր գործառոյթներ: Մենք ունէինք իրավիճակ, որ կը պահպանուէր Տուշանպէի պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ, եւ ասիկա մեզի համար կը շարունակէ մնալ գերակայ խնդիր»,- դիտել տուած է նախարարը:

Մնացականեան շեշտած է, որ բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ սպառնալիքի լեզուն տեղ չունի, կարելի չէ ըլլալ այնպիսի կացութեան մէջ, երբ բանակցութիւնները պիտի կատարուին սպառնալիքի, վտանգի լոյսին տակ: «Միւս բաղադրիչը, որ նոյնպէս կարեւոր է, Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցն է, որովհետեւ Արցախը պէտք է ունենայ եւ ուժեղացնէ սեփականութեան զգացումը բանակցային հոլովոյթին մէջ: Ասիկա նոյնպէս օրակարգային հարց է»,- եզրափակած է Մնացականեան: