«Ստեփանակերտի Օդանաւակայանի Վերագործարկումը Արցախի Ինքնիշխան Իրաւունքն Է». Արցախի ԱԳՆ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի նախաձեռնութիւնը, որ կարելիութիւն պիտի տայ արգելափակելու Ատրպէյճանին որոշ զինատեսակներու վաճառքը:

Ըստ անոր՝ այս նախաձեռնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ արգիլել Ատրպէյճանին՝ ձեռք բերել այնպիսի զէնքեր, որոնք կ՛աւելցնեն վերջինին կողմէ քաղաքացիական օդանաւեր խոցելու կարելիութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը արդիական է՝ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճան չի հրաժարիր Արցախի մէջ քաղաքացիական օդանաւեր հարուածելու իր սպառնալիքներէն եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ ուժի գործադրութենէն:

«Ստեփանակերտի օդակայանի վերագործարկումը Արցախի ինքնիշխան իրաւունքն է եւ կը հետապնդէ բացառապէս քաղաքացիական ու մարդասիրական նպատակներ, մասնաւորապէս՝ մարդու այնպիսի հիմնարար իրաւունքի իրացումը, ինչպէս տեղաշարժի ազատութիւնը: Ատրպէյճանի կողմէ շարունակաբար իրականացուող շրջափակումը մշտական եւ լուրջ խոչընդոտ դարձած է Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան տեղաշարժի ազատութեան համար, որ նաեւ կը յանգեցնէ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին եւ այլ առանցքային միջազգային համաձայնագրերու մէջ ամրագրուած մարդու միւս հիմնարար իրաւունքներու խախտման»,- հաստատեց ան։

Անի Սարգսեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի այդ քաղաքականութիւնը յստակօրէն կը դրսեւորէ անոր բացայայտ արհամարհանքը՝ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու, ու շարունակութիւնը կը հանդիսանայ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ հաւաքական պատիժ կիրարկելու անոր քաղաքականութեան։

«Աւելին, Ատրպէյճանի այսօրինակ գործողութիւնները միջազգային հակաիրաւական արարքներ են եւ պէտք է ամենալուրջ հակազդեցութեան արժանանան միջազգային հանրութեան կողմէ»,- եզրափակեց Անի Սարգսեան: