Տաւուշի Սահմանամերձ Գիւղերուն Մէջ Պատրաստուող Շապիկները, Դրամապանակները եւ Այլ Իրեր Մեծ Հետաքրքրութիւն Յառաջացուցած են (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան

Տաւուշի սահմանամերձ Բերքաբեր համայնքի «Նանսոն» կարի արտադրամասին մէջ եւ Կողբի գեղարուեստի դպրոցին մէջ գործող «Երեքնուկ» արհեստանոցին մէջ, օրէ օր կ՝աւելնայ պատուէրներուն թիւը։ Բերքաբերի մէջ հիմնուած «Նանսոն» կարի արտադրամասը՝ իր գործունէութեան մէկ տարուան ընթացքին՝ հասցուցած է 40 տարբեր ընկերութիւններու հետ գործնական կապեր հաստատել: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Արտադրամասը հիմնուած է անցեալ տարի եւ արդէն մեր աշխատանքներուն մէջ օրէ օր դրական միտում կը տեսնենք, քանի որ պարբերաբար պատուէր կը ստանանք, ինչպէս նաեւ շատցած են պատուէրներուն ծաւալները: Իրավիճակ եղած է, երբ չէինք կրնար հասցնել կատարել պատուէրները, ուստի որոշեցինք մեծցնել արտադրամասին տարածքը»,- ըսած է արտադրամասի հիմնադիր Խորէն Խուտաւերտեան։

Անոր խօսքով` իրենց արտադրամասը կը լուծէ նաեւ գիւղի բնակիչներուն ընկերային խնդիրը եւ հնարաւորութիւն կու տայ բնակիչներուն մնալու գիւղին մէջ: «Ցաւօք, հումքը կը բերուի արտասահմանէն, հագուստ կարելու համար այդպիսի որակի կտորներ Հայաստանի մէջ չունինք, իսկ շուկան կը պահանջէ բարձր որակի կտորներ»,- նշած է արտադրամասի հիմնադիրը:

Կարի արտադրամասը ստեղծուած է «Սահման» կազմակերպութեան աջակցութեամբ։ Բերքաբերցի ձեռնարկատիրոջ կ՝աջակցի նաեւ ՄԱԿ-ի  զարգացման ծրագրի հայաստանեան գրասենեակը։

Իսկ Կողբի գեղարուեստի դպրոցին մէջ գործող «Երեքնուկ» նախաձեռնութեան անդամները՝ 10 տարիէն աւելի է՝ կը ստեղծեն ձեռքի աշխատանքներ՝ նկարազարդ դրամապանակներ, պայուսակներ, ակնոցի եւ հեռախօսի տուփեր, գօտիներ, վզնոցներ, վզկապներ եւ այլ յուշանուէրներ, որոնց վաճառքէն եղած գումարին մէկ մասը կը ծախսուի դպրոցի կարիքներուն համար:

«Նախաձեռնութիւնը մօտ 10 տարիէ ի վեր կը գործէ: Կողբի գեղարուեստի դպրոց կը յաճախեն ո՛չ միայն սահմանամերձ այս գիւղի, այլեւ շրջակայ համայնքներու երեխաները։ Բարեգործական դպրոցը մասնաւոր է եւ անվճար, այսինքն՝ չունի պետութեան կողմէն նիւթական աջակցութիւն, ուստի որոշեցինք որեւէ ձեւով օգնել դպրոցին։ Այդ նպատակով ստեղծեցինք այս խումբը, որ 10-էն աւելի աշխատող ունի։ Արտադրանքը կը վաճառենք Հայաստանի ողջ տարածքին՝ յատկապէս համացանցի միջոցով»,- ըսած է նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն Սաթենիկ Ղուլիճանեան։

«Երեքնուկ» նախաձեռնութեան անդամները երեխաներուն կը սորվեցնեն նաեւ կիրառական արուեստի ճիւղերը՝ սկսեալ մետաքսի վրայ նկարչութենէն մինչեւ կարպետագործութիւն։