Հայերը Կը Գնահատեն Գիտութիւնն ու Կրթութիւնը. Արմէն Սարգսեան (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցով Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յունիս 24-ին, Զիւրիխ քաղաքին մէջ մասնակցած է գիտութեան ու արուեստի միջազգային STARMUS փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի գրասենեակէն:

Փառատօնը, որ կը միաւորէ աշխարհահռչակ գիտնականներ, տիեզերագնացներ, երաժիշտներ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ, նպատակ ունի ոգեշնչելու եւ կրթելու հետազօտողներու նոր սերունդը:

STARMUS-ի 5-րդ փառատօնին այս տարի կը մասնակցին տիեզերագնացութեան «Ապոլոն» ծրագրի մասնակից 7 տիեզերագնացներ, Նոպէլեան մրցանակի 12 դափնեկիրներ եւ արուեստի ոլորտի յայտնի ներկայացուցիչներ, որոնք քննարկումներ կ՝անցնեն մասնաւորապէս կենսաբանութեան ու կենսաքիմիայի, աստղագիտութեան եւ գիտութեան վերաբերեալ:

Փառատօնը բացած է անոր գաղափարի հեղինակ ու հիմնական կազմակերպիչ, հայ աստղաֆիզիքոս Գարիկ Իսրայէլեանը, որ կ՝աշխատի Գանարեան կղզիներու Աստղաֆիզիքայի ուսումնարանին մէջ:

Ելոյթով հանդէս եկած է հետազօտութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան գծով Եւրոպական յանձնակատար Գարլոս Մոետասը։

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ, փառատօնը համարած է հրաշալի երեւոյթ, որ կը միաւորէ գիտնականներ ու արուեստագէտներ։ «Բոլորը կը մտածեն, որ ասիկա մեր՝ քաղաքական գործիչներու վայրը չէ։ Բայց ես այստեղ եմ քանի մը պատճառով։ Անոնցմէ առաջինը կ’անուանեմ երազանք, երազանք, քանի որ Գարիկը երազող է։ Ան խենթ բաներու մասին կ՝երազէ, եւ անոնք իրականութիւն կը դառնան»,- նշած է նախագահը։

Խօսելով STARMUS-ի միւս բաղադրիչի՝ արուեստի, մասնաւորապէս, երաժշտութեան ազդեցութեան մասին, ան նշած է, որ Պեռլինի պատը, միւս պատնէշները չափազանց ցած էին արգելափակելու երաժշտութիւնը։ «Կը կարծեմ՝ այդ երաժշտութիւնը հսկայական ազդեցութիւն ունեցած է աշխարհը, Խորհրդային Միութիւնը փոխելու, շատ ազգեր, ներառեալ՝ եւ իմ ազգը անկախ ու ազատ դարձնելու գործին մէջ»։

Փառատօնին ներկայ գտնուելու կարեւոր պատճառը ան վերնագրած է «STARMUS եւ Հայաստան»։ «Ես կը հրաւիրեմ յաջորդ՝ վեցերորդ STARMUS-ին գալ Հայաստան։ Ուրախ պիտի ըլլանք բոլորդ՝ գիտնականներ, Նոպէլեան մրցանակակիրներ, տիեզերագնացներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, քաղաքական գործիչներ տեսնել Հայաստանի մէջ,- ընդգծած է նախագահը, նշելով, որ Հայաստանը աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն է։ – Ես շատ ուրախ պիտի ըլլամ ցոյց տալու ձեզի իւրայատուկ կրթական վայրեր, քանի որ ձեր թեմաները՝ արհեստագիտութիւնները, երաժշտութիւնը, կրթութիւնը, մարդոց աւելի կը մօտեցնեն գիտութեան»: Նախագահը խօսած է նաեւ աւելի քան 2800-ամեայ Երեւանի, ինչպէս նաեւ Մեծամորի՝ ուրարտական շրջանի աստղադիտարանի մասին, մասնաւորապէս նշելով․ «Հայերը 4500 տարի առաջ կը նայէին երկնքին, կը գրանցէին տուեալները քարերու վրայ։ Կ՝ուզեմ ձեզի ցոյց տալ նաեւ յայտնի Բիւրականի աստղադիտարանը։ Հայերը կը գնահատեն գիտութիւնն ու կրթութիւնը»։

Հայաստանի նախագահը ներկայացուցած է նախագահական նոր նախաձեռնութիւնները, որոնցմէ մէկը կը կոչուի ATOM (Advanced tomorrow) եւ պիտի ունենայ քանի մը բաղադրիչ: Կը նախատեսուի, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի ներառէ գիտութեան ու արհեստագիտութիւններու քաղաք, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան միջազգային խոշոր կազմակերպութիւններ, գիտահետազօտական կեդրոններ եւ համալսարաններ, պիտի ստեղծուի նաեւ «Վաղուայ թանգարան», ոչ թէ անցեալի գիտութեան ու արհեստագիտութիւններու, այլ՝ ապագայի թանգարան։

Միւս նախաձեռնութիւնը «Մեծ պայթիւն» անուանումով նախագահական նոր մրցանակի հիմնումն է։ Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ անիկա պիտի յանձնուի ամէն տարի՝ նորարարութիւններու, գիտութեան, արհեստագիտութիւններու, կրթական ոլորտներուն այն նուաճումներուն համար, որոնք մեծ պայթիւնի ազդեցութիւն պիտի ունենան 21-րդ դարուն վրայ։ Նախագահը STARMUS-ի հիմնադիրներն ու անդամները՝ յայտնի երաժիշտներ, գիտնականներ, աստղագէտներ, հրաւիրած է ընդգրկուելու ստեղծուելիք խորհուրդի կազմին մէջ՝ արդէն յաջորդ տարուան յաղթողները որոշելու համար։

Զիւրիխեան փառատօնին ծիրէն ներս տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան ժամանակ յայտարարուած են 2019 թուականի Սթիվըն Հոքինկի մետալին արժանացածներուն անունները: Բրիտանացի աշխարհահռչակ ֆիզիքոս-տեսաբանի անունը կրող մետալը կը շնորհուի անոնց, որոնք ներդրում ունեցած են արուեստի միջոցով գիտութիւնը եւ գիտական բացայայտումները ներկայացնելու ու տարածելու գործին մէջ: