
Վարչապետը Մասիսի Մէջ Ներկայ Եղած է Ֆրանսախօս Երկիրներու Զբօսայգիի եւ Ընտանեկան Մարզահամալիրի Բացման Արարողութեան
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ մարզի Մասիս քաղաքին մէջ, ներկայ եղած է Ֆրանսախօս երկիրներու զբօսայգիի եւ ընտանեկան մարզահամալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Զբօսայգին եւ մարզահամալիրը կառուցուած են Մասիսի զարգացման հիմնադրամի եւ AFFA (Adibekyan Family Foundation for Advancement) բարեգործական կազմակերպութեան աջակցութեամբ:
Կառավարութեան ղեկավարը շրջայց կատարած է՝ ծանօթացած ստեղծուած պայմաններուն եւ շնորհաւորած Մասիսի բնակիչները՝ ժամանակակից զբօսայգիի եւ մարզահամալիրի բացման կապակցութեամբ:
Ընտանեկան մարզահամալիրը կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն եւ կը ներառէ փոքր-ֆութպոլի, պասքէթպոլի բացօթեայ երկու մարզահրապարակ, մանկական հրապարակ, բակային փորձերու համար նախատեսուած մարզական սարքերով յագեցած գօտի:
Վարչապետը ստորագրած է այն գնդակը, որմով մարզահամալիրի ֆութպոլի մարզադաշտին մէջ կ՝իրականացուէր փոքր-ֆութպոլի առաջին մրցաշարը` ֆրանսախօս երկիրներու բաժակի եզրափակիչը: Եզրափակիչին՝ բաժակը կը վիճարկէին Արարատ մարզի «Մասիս քոլէջ» եւ «Մարմարաշէն» խումբերը:
Մասիսի զարգացման հիմնադրամի եւ AFFA-ի կողմէ կ՝իրականացուին նաեւ երկարաժամկէտ եւ համակարգային այնպիսի ծրագիրներ, ինչպէս` Մասիսի դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէնի խորացուած ուսուցման ծրագրի ներդնումը, երիտասարդներու ինքնակառավարման եւ նախաձեռնողական հմտութիւններու զարգացման նպատակով Երիտասարդական կեդրոնի ստեղծումը, ֆրանսական թեքումով ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի կառուցման նախագիծը: