Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարին Մօտեցումը Ապակառուցողական է, Որ Կ՜արժէզրկէ Խաղաղ Գործընթացին Լրջութիւնը. Աննա Նաղդալեան
ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան մեկնաբանած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարի վերջին յայտարարութիւնը՝ Ուաշինկթընի մէջ կայացած խորհրդակցութիւններուն վերաբերեալ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Աննա Նաղդալեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարի պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան. նման մօտեցումը ապակառուցողական է, որ կ՝արժէզրկէ խաղաղ գործընթացին լրջութիւնը:
«Ինչպէս նշած էինք դեռ Ուաշինկթընի հանդիպումէն առաջ, այդ ընթացքին քննարկուած են վերջին շրջանին ատրպէյճանական կողմին պատճառով սրուած իրավիճակի հանդարտեցման հարցեր: Համանախագահները կոչ ըրած են անմիջապէս քայլեր ձեռնարկելու՝ վերականգնելու համար խաղաղութեան նպաստող միջավայրը եւ պահպանելու հրադադարը, եւ այս ուղղութեամբ հանդէս եկած են մարդասիրական ոլորտին եւ վտանգի նուազեցման վերաբերող յստակ առաջարկներով: Այս շրջանակէն դուրս ատրպէյճանական կողմին ապատեղեկատւութիւնը կը յանգեցնէ եզրակացութեան, որ Ատրպէյճանը մտադրուած չէ իրականացնելու համանախագահներու այդ կոչերը եւ առաջարկները:
Աւելին, այն պնդումը, որ բանակցութիւնները կրնան յաջող ծաւալիլ զինադադարի կանոնաւոր խախտումներու պայմաններուն, լրջագոյն վնաս կը հասցնէ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն եւ կը խաթարէ խաղաղ գործընթացը»,- նշած է Աննա Նաղդալեանը:
Նշենք, որ Ուաշինկթընի մէջ, Յունիս 20-ին, կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հովանիին տակ:
Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովը յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները առաջարկներ ներկայացուցած են քննարկման համար: Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի մէջ համանախագահները առաջարկած են «զօրքերու դուրսբերում եւ խաղաղապահներու տեղակայում»:
