Արցախի Տագնապի Կողմերուն Միջեւ Կը Մնան Լուրջ Տարակարծութիւններ. Մամետեարով
«Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները դարձեալ ներկայացուցին փաստաթուղթերը, որոնք նախապէս քննարկուած էին», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով՝ պատասխանելով ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան հարցումներուն՝ մեկնաբանելու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ 20 Յունիսին տեղի ունեցած հանդիպումը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։
«Մենք պէտք է բովանդակային բանակցութիւններ վարենք: Այժմ մենք կ՛աշխատինք համանախագահներուն 9 Մարտին հրապարակած յայտարարութեան հիման վրայ: Այդ փաստաթուղթին կարգ մը դրոյթներուն հետ մենք համաձայն ենք, այլ դրոյթներու հետ՝ ոչ», նշեց Մամետեարով՝ պնդելով, որ այդ յայտարարութեան համաձայն հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին «ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքներ»էն:
Ան նաեւ շեշտեց, թէ Արցախի տագնապին կարգաւորումը պէտք է փուլային ըլլայ, նոյն ժամական ընդունելով, որ կողմերուն միջեւ կը մնան բաւական լուրջ տարակարծութիւններ:
«Հայկական կողմը ամէն առիթով շրջանառութեան մէջ կը դնէ ապահովութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին հարցեր: Ապահովութեան պարագային, տարածաշրջանին մէջ խաղաղապահ ուժեր կարելի է տեղակայել»,- յայտարարեց ան:
