Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրոսի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Կիպ­րո­սի հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ, ­Յու­նիս 3ին ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Զոհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Կիպ­րո­սի թե­մի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ՝ ­Խո­րէն արք. ­Տող­րա­մա­ճեա­նին, կիպ­րա­հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Վարդ­գէս Մահ­տե­սեա­նի եւ կիպ­րա­հայ կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: Ող­ջու­նե­լով նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեա­նը՝ Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան կա­րե­ւոր նկա­տեց նման ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պում­նե­րու կա­տա­րու­մը, ո­ր լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն է բաց զրոյց ծա­ւա­լե­լու, ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նին առն­չո­ւող զար­գա­ցում­նե­րուն, այն­պէս ալ՝ Ս­փիւռ­քին յու­զող հար­ցե­րուն շուրջ։

Իր խօս­քին մէջ նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեան բարձր գնա­հա­տեց կիպ­րա­հայ հա­մայն­քին մէջ գոր­ծող կրթա­կան և ­հո­գե­ւոր կա­ռոյց­նե­րու ու­նե­ցած անգ­նա­հա­տե­լի դե­րը ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման եւ հայ-կիպ­րա­կան դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծով եւ յոյս յայտ­նեց, որ հա­մայն­քի նե­րու­ժի լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ­՚ըն­ձե­ռէ ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լու եւ հարս­տաց­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը:

«­Կիպ­րո­սի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ շատ ա­ւե­լի խոր­քա­յին ի­մաստ կայ. սա բա­րե­կա­մու­թիւն է քա­ղա­քակր­թու­թիւն­ներ ներ­կա­յաց­նող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, ո­րոնք շատ լաւ յի­շո­ղու­թիւն, պատ­մու­թեան շատ խո­ր զգա­ցում ու­նին, եւ այդ քա­ղա­քակր­թա­կան հիմ­քե­րու վրայ կա­ռու­ցո­ւած բա­րե­կա­մու­թիւ­ն է», -նշեց ան՝ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ընդգ­ծելով ­Կիպ­րո­սի հայ հա­մայն­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը: «­Մեր պարագային Ս­փիւռ­քը ո՛չ թէ խումբ է մարդ­կանց, ո­րոնք տա­րին մէկ ան­գամ կը հա­ւաքին սուրճ խմե­լու, այլ սա օրինական հիմ­քեր պա­րու­նա­կող մար­մին է: Հարցն այն չէ, թէ որ­քան կը կազ­մէ ­Կիպ­րո­սի հայ հա­մայն­քի թո­ւա­քա­նա­կը, հարցը այն է, որ դուք ներ­կա­յա­ցո­ւած էք օրինական կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին խո­ր հիմ­քե­րով, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած են պահ­պա­նե­լու այն, ինչ որ մեզի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է՝ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նն է»,- ը­սաւ ան:

Ներ­կա­յաց­նե­լով իր այ­ցի նպա­տակ­նե­րը եւ ­Յու­նիս 4-ին կա­յա­նա­լիք ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փով ա­ռա­ջին հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գը եւ այդ ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը՝ նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեան ընդգ­ծեց. «Իմ այ­ցին նպա­տակն է հիմք դնե­լ նոր՝ Հա­յաս­տան-­Կիպ­րոս-­Յու­նաս­տան ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեա­ն, ո­ր բա­ւա­կան խոս­տում­նա­լից է եւ բա­ւա­կան նե­րուժ ու­նի», նշեց նա­խա­րա­րը: ­Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին ան պա­տաս­խա­նեց ­ ­Կիպ­րո­սի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն: